«Խռովք». «Զաւարեանական Էջ»-ի Բացառիկ

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

2013-ին Զաւարեան ուսանողական միութիւնը լոյս ընծայեց, «Աբօ Աշճեան» կեդրոնէն, Տորա, «Զաւարեանական էջ»-ի բացառիկը, խմբագրութեամբ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Նորա Բարսեղեանի:

Սոյն հրատարակութիւնը, որ կը բաղկանայ 46 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 9 յօդուածներ, կը հանդիսանայ «Խռովք» պարբերաթերթին երրորդ թիւը, որուն առաջին ու երկրորդ թիւերը լոյս տեսած են նախապէս:

«Խռովք»-ի խմբագրականին մէջ կ՛ըսուի կ՛ըսէ, թէ «Զաւարեանական էջ»-ի բացառիկը կը համախմբէ ներկայ եւ նախկին ԶՈՄ-ականներու յօդուածները:

Հոն նշուած է, որ «Խռովք»-ի նախկին երկու թիւերը ունէին մէկ թեմայի շուրջ կեդրոնացում: Սակայն յիշեալ պարբերաթերթին երրորդ թիւը լոյս կը տեսնէ առանց թեմայի ու կը նուիրուի լուսանցքային մնացած հիմնախնդիրներու: Թէ` այս առումով, զաւարեանականներուն գլխաւոր պարտականութիւնն է կարգ մը նիւթեր արծարծելու պարագային նկատի ունենալ անոնց աչքառու կամ դժուարամատչելի ըլլալու հանգամանքը: Հետեւաբար Զաւարեան ուսանողական միութեան գլխաւոր պարտականութիւնն է լուսանցքայնացած հիմնախնդիրները նախ ժողովրդականացնել եւ վերածել այժմէական հարցերու եւ, ապա, ներկայացնել զանոնք հանրութեան:

Այսպէս, «Խռովք»-ի ներկայ երրորդ թիւը կ՛արծարծէ այլազան հարցեր, որոնք կը վերաբերին Ջաւախքին, Նախիջեւանին, Թուրքիոյ, Արեւմտահայաստանին, պոլսահայութեան, քրտական հարցին եւ հայութեան ընկերային եւ քաղաքական հարցերուն:

Խմբագիրը կ՛ըսէ, թէ հիմնականը այն իրողութիւնն է, թէ զաւարեանականներու կողմէ արծարծուած յիշեալ հարցերը ունին խոր ազդեցութիւն Հայ դատին վրայ: Այս առնչութեամբ, պէտք է դուրս բերուին անոնք իրենց լուսանցքային վիճակէն եւ վերադարձուին իրենց բնական եւ հարազատ դիրքին:

Արդարեւ, «Խռովք»-ի առաջին յօդուածագիրը` Խաչիկ Խաչերեան «Պատասխանատուութեան «Չ» Զգացումը» խորագրեալ յօդուածով մը կը յայտնէ, թէ ներկայիս, երբ կը տիրէ հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ քաոսային իրավիճակ, հարկ է հետեւիլ համապարփակ ազգային ռազմավարութեան մը, որպէսզի կարենանք առաջնորդել հայ ժողովուրդը դէպի փրկութեան ճշմարիտ ուղին: Հայ դատի կապակցութեամբ, փրկարար դեր մը կատարելու նախանձախնդրութեամբ հարկ է բանաձեւել հողային պահանջատիրութեան զօրաւոր եւ տրամաբանական սկզբունք մը, որ դուրս բերէ հայ ազգը ամբոխավարութեան անհեթեթ եւ չարաղէտ ցանցերէ: Հարկ է մանաւանդ հեռու պահել հայրենիքը արտագաղթի քայքայիչ ծրագիրներէն եւ զօրացնել հայրենի իւրաքանչիւր քաղաքացիին մէջ հայրենադարձութեան անկեղծ սէրը:

Յաջորդ յօդուածագիրը` Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, «Ազգային հարցին ընկերային ենթահողը» խորագրեալ յօդուածով կ՛ըսէ, թէ Փիեռ Լըրու, 19-րդ դարու ֆրանսացի յեղափոխական մտածող, հրապարակագիր եւ քաղաքական գործիչն է, որ «Մարդկութեան մասին» խորագրեալ իր գործով տուած է իւրայատուկ մեկնաբանութիւն «Ընկերավարութիւն» յղացքին: Ըստ Լըրուի, ո՛չ ընտանիքը եւ ո՛չ համայնքը պատճառ են չարիքի: Թէ` մարդ էակը նաեւ վատ արարած մը չէ իր բնութեամբ: Լըրու կ՛ըսէ, թէ աշխարհի չարիքներուն հիմնական պատճառը այն իրողութիւնն է, որ մարդ անհատը ընկերային կեանքի մէջ չէ կրցած ըլլալ հաղորդակից իր նմաններուն հետ:

Իր կարգին, Քարլ Մարքս քննարկման ենթարկելով վերոյիշեալ տնտեսական հարցը իր «Պատմական նիւթականութեան» տեսութեամբ, կ՛ըսէ, թէ դրամատիրական համակարգի շահագործումն է էական պատճառը, որ գործելակերպի սխալ սկզբունքներով յառաջացուցած է դասակարգային տարբերութիւն արտադրութեան միջոցներու տէր մարդոց եւ ընչազուրկ աշխատաւորներու միջեւ:

Նազարէթ Գէորգեան «Մեր քանակական հարցը» խորագրեալ իր յօդուածով կ՛արծարծէ այն հարցը, թէ մենք, սակաւաթիւ ժողովուրդ, արդեօք ինչպէ՞ս կրնանք ազգովին բազմանալ:

Յօդուածագիրը կ՛ըսէ, թէ հարկ է նախ բազմանալ, տրուած ըլլալով, որ դիւրին չէ ձեռք բերել որակական զարգացումը: Դիւրին չէ բարձրացնել ազգային որակը, որովհետեւ անիկա կը պահանջէ լայն ծրագիր եւ բծախնդիր աշխատանք:

Կ՛ըսէ, թէ հայրենի բնիկ ժողովուրդն է հայութեան գոյատեւման անկորնչելի ապաւէնը, իսկ սփիւռքահայերը իրենց հաւաքական գաղթով դէպի Հայաստան` կ՛ամրապնդեն հայ ժողովուրդին գոյութիւնը:

Յօդուածագիրը կը գրէ, թէ անկախ արտագաղթէն, կան հիմնական պատճառներ նաեւ բնակչութեան թիւի նուազումին: Պատճառներէն մէկը հայրենիքի մէջ ծնելիութեան ցուցանիշի անկումն է: Կան առարկայական այլ պատճառներ, երբ հայրենի բնակչութիւնը կ՛աղքատանայ, անոր տարրական իրաւունքները կ՛ըլլան ոտնակոխ, ընկերային եւ տնտեսական պայմանները կը վատթարանան ու երբ երիտասարդ աշխատաւորները կը բռնեն արտագաղթի ճամբան դէպի օտար հորիզոններ:

Համբիկ Պիլալեան «Ջաւախքը հեռու է հայ ռազմավարական մտքի առանցք ըլլալէ եւ կամ ո՞ւր են հայկական NGO-ները» խորագրեալ իր յօդուածով կ՛ըսէ, թէ Ջաւախքը ինքն իր ճակատագրին ձգուած պատառ մը հող է, որ, ուշ կամ վաղ, պէտք է միանայ իր մայր հայրենիքին: Խորհրդային վարչակարգի շրջանին հայաբոյր այս հողամասը ենթարկուեցաւ հալածանքի, երբ զայն բարբարոսաբար կցեցին Վրաստանին:

Յօդուածագիրը կը նշէ, թէ Ջաւախքը հայահոծ փոքրիկ հողատարածք մըն է, որ իր աշխարհագրական դիրքով կը հանդիսանայ Հայաստանի հիւսիսային դարպասը եւ ունի հարուստ գիւղատնտեսութիւն: Հակառակ Վրաստանի կողմէ իրեն հանդէպ ցուցաբերուած հալածանքին` ջաւախահայութիւնը կը շարունակէ տոկալ եւ ցոյց տալ քաջասիրտ կեցուածք:

Յովիկ Յովհաննէսեան «Դէպի երկիրն Ջաւախք» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ, կը գրէ ջաւախահայութիւնը ընկերային, տնտեսական, կրթական եւ այլ մարզերու մէջ կրնայ վայելել հովանաւորութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ օգտուիլ անոր բազմաթիւ կարելիութիւններէն: Թէ` Ջաւախք ունի ռազմավարական իւրայատուկ նշանակութիւն, որուն շնորհիւ կրնայ ապահովել Հայաստանի հիւսիսային սահմանը եւ կրնայ ընդարձակել հայկական հողային տարածքները դէպի Սեւ ծով:

Կատարելով դիպուկ բնորոշումներ` Յովիկ Յովհաննէսեան կ՛ըսէ, թէ Ջաւախքը պատմական հայկական տարածք է, որ եղած է բնաշխարհը հայ մշակոյթի բազում ասպետներու:

Թէ` իւրաքանչիւր ջաւախահայ տէրն է իր հողին եւ ազգային պատկանելիութեան:

Թէ` Ջաւախք միակ հողաշերտն է, որ բնակուած է հայութեամբ:

Հետեւաբար հարկ է քաջածանօթ ըլլալ Ջաւախքի քաղաքական այս կացութեան եւ վերադարձնել անոր իր հայկական հարազատ դիմագիծը:

Ժագ Յ. Յակոբեան «Նախիջեւան» խորագրեալ իր գրութեամբ կը ներկայացնէ քաղաքական այն իրավիճակը, երբ 1924 թուին Ազրպէյճանի կազմին մէջ մուտք գործեց Նախիջեւանի Խորհրդային Ինքնավար Հանրապետութիւնը, որուն բնակչութեան 60 առ հարիւրը ազրպէյճանցիներ էին, իսկ 40 առ հարիւրը` հայեր: Սոյն ինքնավար հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի նախագահն էր Վասիֆ Թալիպով:

Յօդուածագիրը կ՛ըսէ, թէ անցնող դարու 20-ական թուականներուն բազմաթիւ չարամիտ հնարքներու միջոցով թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղը եւ թէ՛ Նախիջեւանը խլուեցան Հայաստանէն եւ յանձնուեցան Ազրպէյճանին:

Ժագ Յ. Յակոբեան կ՛եզրափակէ իր յօդուածը` յայտնելով այն հարազատ համոզումը, թէ ինչպէս հայ ժողովուրդը ազգային ազատագրական պայքարի շնորհիւ վերատիրացաւ Լեռնային Ղարաբաղին, նոյն խիզախութեամբ պիտի դարձեալ իջնէ ռազմադաշտ եւ ազատագրէ Նախիջեւանն ու հայապատկան դարաւոր մեր հողերը:

Անի Առաքելեան «Քիւրտերը եւ մենք…» խորագրեալ գրութեամբ կ՛ըսէ, թէ Ա. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին, երբ ստորագրուեցաւ Սեւրի դաշնագիրը, ստեղծուեցաւ ինքնավար Քիւրտիստան մը: Սոյն դաշնագրով պիտի տրուէր հայերուն Վանի եւ Պիթլիսի, Էրզրումի եւ Տրապիզոնի կարեւոր մէկ բաժինը: Սակայն, կարճ ժամանակ ետք, Լոզանի դաշնագիրը մոռացութեան մատնեց Սեւրի դաշնագիրը:

Արդարեւ, «Խռովք» «Զաւարեանական էջ»-ի բացառիկը, թիւ երրորդ, կը համախմբէ տարբեր թեմաներով յօրինուած ինը յօդուածներ, որոնց հեղինակները կը քննարկեն մեր ազգային իրականութեան հետ աղերսուած կարգ մը լուսանցքայնացած իրադարձութիւններ: Կարեւոր նախաձեռնութիւն մը, յատկապէս երիտասարդութեան կողմէ եւ անոնց համար:

Յուլիս 2013
Պէյրութ

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )