Հաղորդագրութիւն
ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութիւնը տարիներու իր աշխատանքներուն մէջ «Դէպի երկիր» յանձնախումբին միջոցով ներառած է գործուղումներ Արցախի զանազան շրջաններուն մէջ:
Այս ծիրին մէջ, շաբաթ, 27 յուլիս 2013-ին, 7 ընկերներէ բաղկացած խումբ մը ԶՈՄ-ականներ մեկնեցան Արցախի Քաշաթաղ շրջանը:
«Զաւարեան» ուսանողական միութեան «Դէպի երկիր» յանձնախումբի «Քաշաթաղը իմ տունն է – 2013» գործուղումը տեղի պիտի ունենայ 29 յուլիսէն 19 օգոստոս: Գործուղումին մասնակցող 7 ընկերները պիտի բաժնուին Մոշաթաղի, Այգեհովիտի, Սարատակի եւ Տիգրանաւանի շրջաններուն մէջ, որպէսզի տեղւոյն պատանիներուն ներկայացնեն յանձնախումբին պատրաստած դաստիարակչական ծրագիրը, որ կ՛ընդգրկէ հայոց պատմութեան, գրականութեան, հայոց մշակոյթի պատմութեան, անգլերէնի եւ առողջապահական դաստիարակութեան պահեր, ինչպէս նաեւ ձեռային աշխատանքի, երգի, պարի, ատենամարզանքի պահեր: Գործուղման աւարտին տեղի պիտի ունենայ եզրափակիչ հանդէսը:
Մասնակցող աշակերտները պիտի ստանան ԶՈՄ-ի տրամադրած գործուղման վերնաշապիկները, ինչպէս նաեւ աւարտին իրենց հետ պիտի տանին ԶՈՄ-ի կողմէ տրամադրուած նուէրներ:
Ծրագիրին մէջ նախատեսուած է հաւանականութիւնը Մոշաթաղի մէջ շինարարական աշխատանքի մը, որուն մասին կը տեղեկացնենք աւելի ուշ:
Ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեան համար հետեւեցէք «Ազդակ» օրաթերթի եւ «Վանայ ձայն»-ի լուրերուն եւ յայտագիրներուն, ինչպէս նաեւ ԶՈՄ-ի կայքէջին` հետեւեալ հասցէով www.zavarian.com

