Արամ Ա. Կաթողիկոսին Անմիջական Հսկողութեամբ Ցեղասպանութեան Թանգարանի Աշխատանքները Կը Շարունակուին

Հինգշաբթի, 25 յուլիս 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ի շրջափակին մէջ կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող Ցեղասպանութեան թանգարանը: Վեհափառ հայրապետին ընկերակցեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճարտարապետներու յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն Յակոբ Շամլեան, Յակոբ Աթեշեան, Վահէ Գալինճեան եւ Վազգէն Չեքիճեան: Ներկայ էին նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարանի երկու ճարտարապետները` Րաֆֆի եւ Վիգէն Թարխանեաններ:

Վեհափառ հայրապետը ճարտարապետներու ընկերակցութեամբ շրջելէ ետք շինարարութեան ընթացքի մէջ գտնուող թանգարանին մէջ, խորհրդակցական հանդիպում ունեցաւ իրենց հետ: Ամբողջ սփիւռքի մէջ իր տեսակին մէջ եզակի թանգարան մը պիտի ըլլայ յիշեալ նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ հոն շեշտը պիտի դրուի հայ որբերու վրայ:

Յայտնենք, որ շուրջ երկու շաբաթներ առաջ թանգարանի յանձնախումբը յայտարարութիւն մը կատարած էր` կոչ ուղղելով, որ «Թռչնոց բոյն»-ի եւ կամ այլ որբանոցներու որբերէն մնացած առարկաներ յանձնուին յիշեալ թանգարանին: Ստորեւ կու տանք այդ յայտարարութիւնը:

Ցեղասպանութեան Թանգարան`
«Թռչնոց Բոյն»-ի Մէջ

Նախաձեռնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ կը կառուցուի Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերու  յիշատակը անմահացնող թանգարան մը:  Թանգարանին կառուցումը պիտի աւարտի 2015 թուականին: Իր բնոյթով ու նպատակով եզակի նախաձեռնութիւն մըն է յիշեալ ծրագիրը:

Արդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, յատկապէս «Թռչնոց բոյն»-ի նախկին սաներուն, որ եթէ ունին իրեղէններ կամ գրութիւններ, տրամադրեն զանոնք թանգարանին: Այդ իրերը կրնան ըլլալ որբերուն գործածած գրենական պիտոյքները, անոնց անհատական կամ խմբային լուսանկարները, որբին գիրքերը, տետրակները, օրագիր, յուշատետր, երգարան, արուեստի գործեր` ձեռագործներ, ասեղնագործ, գորգ, որբանոցային տարազներ կամ անձնական հագուստներ, քարտեր, բացիկներ, նամակներ, գործիքներ եւ այլն:

Անոնք, որոնք վերոյիշեալ առարկաները ունին իրենց տրամադրութեան տակ եւ կամ ունին իւրայատուկ պատմութիւններ` կապուած «Թռչնոց բոյն»-ին եւ կը փափաքին արձանագրուած տեսնել զանոնք պատմութեան մէջ, թող հաճին կապուիլ «Թռչնոց բոյն»-ի տնօրէնութեան հետ, ամէն օր ժամը 9:00-էն 17:00: Իսկ անոնք, որոնք կապ  կամ ծանօթութիւն ունին «Թռչնոց բոյն»-ի նախկին սաներուն հետ, թող հաճին տեղեակ պահել «Թռչնոց բոյն»-ի տնօրէնութիւնը  եւ փոխանցել ենթակային անունն ու մականունը, հեռաձայնի թիւը, հասցէն, կամ ելեկտրոնային հասցէն, որպէսզի տնօրէնութիւնը կապ հաստատէ անոնց հետ:

Որքան հարուստ ու հարազատ ըլլան  թանգարանին մէջ ցուցադրուած իրերը, այնքան նպաստած կ՛ըլլանք Ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին եւ կը յաւերժացնենք յիշատակը մեր հայրերուն  ու  անոնց անցած ճանապարհին:

«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

 

Share this Article
CATEGORIES