Ծերակոյտի Յանձնախումբը Եւս Կոչ Կ՛ուղղէ «Նախորդ Տարիներու Օգնութեան Չափով» Տնտեսական Օժանդակութիւն Յատկացնելու Լեռնային Ղարաբաղին

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի (օրէնսդիր մարմինի` Քոնկրեսի վերին պալատն է) արտաքին յատկացումներու յանձնախումբը անցեալ հինգշաբթի ձայներու 23 կողմ, 7 դէմ յարաբերակցութեամբ ընդունեց 2014 ելեւմտական տարուան Արտաքին յատկացումներու մասին օրինագիծին տարբերակը, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղուի օգնութիւն տրամադրել նաեւ Լեռնային Ղարաբաղին:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ օրինագիծին կից հաշուետուութեան մէջ յանձնախումբը կ՛առաջարկէ «նախորդ տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղին յատկացուած գումարի չափով տնտեսական օգնութիւն տրամադրել Լեռնային Ղարաբաղին` ղարաբաղեան տագնապին պատճառով տուժածներուն, ինչպէս նաեւ տագնապէն բխող կարիքները հոգալու համար»:

Յանձնախումբի անդամները նաեւ ղարաբաղեան տագնապի կողմերուն կոչ ուղղեցին հարցը լուծելու խաղաղ ճամբով:

Հայ դատի յանձնախումբը աւելցուց, որ Ծերակոյտի արտաքին յատկացումներու յանձնախումբի օրինագիծին մէջ Հայաստանին, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի միւս երկիրներուն յատկացուելիք տնտեսական օգնութեան յստակ չափը չի նշուիր:

«Մենք կը ցանկանք շնորհակալութիւն յայտնել քոնկրեսական Մարք Քիրքին եւ Պետական եւ օտարերկրեայ գործառնութիւններուն ենթայանձնախումբերուն եւ յանձնախումբին մէջ անոր գործընկերներուն 2014 թուականի տնտեսական տարուան պիւտճէի նախագիծը ընդունելու եւ անոր մէջ նախորդ տարիներուն օգնութեան չափով Լեռնային Ղարաբաղին տնտեսական օժանդակութիւն տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը կարեւոր նկատելու համար», յայտարարեց Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէնը նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց, որ փաստաթուղթին մէջ յանձնախումբը առաջին անգամ չէ յստակացուցած Հայաստանին յատկացուելիք օգնութեան չափը:

Նշենք, որ նախանցեալ օր տեղի ունեցած էր Քոնկրեսի Վերին պալատի` Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յատկացումներուն յանձնախումբին նիստը, որուն ժամանակ յանձնախումբի անդամները հաւանութեան արժանացուցած էին Օտարերկրեայ յատկացումներու մասին օրինագիծի իրենց տարբերակը… Այդ փաստաթուղթին մէջ եւս կոչ կ՛ուղղուէր նախորդ տարիներուն տնտեսական օգնութեան չափով գումար յատկացնել Լեռնային Ղարաբաղին, Հայաստանին տրամադրուելիք օգնութեան չափը, սակայն, այստեղ ալ յստակացուած չէր:

Վերոնշեալ օրինագիծերը այժմ պէտք է քննարկման դրուին համապատասխանաբար Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան մէջ: Անկէ ետք Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան նախագիծերուն մէջ առկայ տարբերութիւնները համաձայնեցնելու համար պիտի ստեղծուի յանձնախումբ մը, որուն ընդունած նախագիծը նորէն քուէարկութեան պիտի դրուի Քոնկրեսի երկու պալատներուն մէջ եւ հաւանութեան արժանանալէն ետք պիտի ներկայացուի նախագահ Պարաք Օպամայի ստորագրման:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )