Մոմավառութիւն Եւ Հոգեհանգիստ` Ի Յիշատակ Լիզպոնի Նահատակներուն
Ի յիշատակ 30 տարի առաջ 27 յուլիսին Լիզպոնի մէջ նահատակուած 5 հայորդիներուն, 26 յուլիսի երեկոյեան Երեւանի մէջ կատարուեցաւ մոմավառութիւն:
Դաշնակցական երիտասարդները նախ քաղաքի կեդրոնական փողոցներէն քայլարշաւ մը կազմակերպեցին դէպի Օփերային կից գտնուող Կարապի լիճ, այնուհետեւ շարժեցան դէպի Կոմիտասի յուշարձան: Այնտեղ կազմակերպուեցաւ Լիզպոնի մէջ նահատակուած երիտասարդներուն նուիրուած ժապաւէնի ցուցադրութիւն, ապա տեղի ունեցաւ մոմավառութեան արարողութիւն:
Յաջորդ օրը` 27 յուլիսին Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:
CATEGORIES Հայկական