Ակնարկ. Սուրիոյ Քիւրտերուն Ինքնակառավարումը Եւ Թրքական Զգուշացումները

Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական իրողական ինքնավարութիւնը հետզհետէ կը ձեւաւորուի ու կը կայանայ: Ներքրտական բանակցութիւնները արդէն կը խօսին իրողական ինքնավարութիւնը իրաւական հարթութիւն տեղափոխելու մասին:  Եւրոպական կառոյցներուն այս առումով դիմումներ կը կատարուին եւ  ներկայացուցչական հաստատութիւններ յառաջացնելու ուղղութեամբ բարձրաձայն քննարկումներ տեղի կ՛ունենան: Իբրեւ թէ փակ խորհրդակցութիւններէ արտահոսքի ձեւով դուրս եկած տեղեկութիւններ կը հրապարակուին այս բոլորը հաստատող: Նոյնիսկ ինքնավար Քիւրտիտասնի սահմանադրութեան նախագիծ մը հրապարակային քննարկումի ենթակայ է:

Այս բոլորը անշուշտ  հանրային կարծիքը պատրաստելու համար է, թէ Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավարութիւնը կայացման ընթացքին մէջ է եւ իբրեւ քաղաքական միաւոր ճանաչման հրամայական պիտի առաջադրէ: Յառաջատար ուժը Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնն է, որ այս ուղղութեամբ քրտական տարբեր խմբաւորումներուն հետ կը բանակցի:

Առաջադրանքները, որոնք կը յայտարարուին Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան  կողմէ, կը փորձեն զգուշաւորութիւնը պահել: Անոնք խնդրոյ առարկայ չեն դարձներ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը եւ աւելի կ՛օգտագործեն ինքնակառավարում բառակապակցութիւնը: Զգուշաւորութիւնը սակայն երկուստեք է. եւ հակառակ սուրիական տարբեր ճակատներու հետ արձանագրուած սահմանափակ միջադէպերուն, թէ՛ կառավարական եւ թէ՛ հակակառավարական ուժերը զգուշաւորութեան սահմանագիծը կը թուի որ կը յարգեն քիւրտերուն նկատմամբ:

Խնդիրը սակայն, սուրիական կողմերուն նկատմամբ եւ փոխադարձաբար կիրարկուող քաղաքականութիւններուն չի վերաբերիր, որքան այս զարգացումներով հիմնական մտահոգ եւ անհանգիստ վիճակ ցուցաբերող Անգարային:

Թէ՛ թրքական եւ թէ՛ միջազգային մամուլը կը խօսի անցնող ուրբաթ Անգարայէն հնչած  ազդարարութեան մասին: Վարչապետ Էրտողան զգուշացուցած էր քիւրտերը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ անվտանգութեան սպառնացող քայլեր առնելէ` ակնարկելով ինքնավար Քիւրտիստանի յայտարարութեան հաւանականութեան:

Նման ոճով, կիսասպառնական յայտարարութիւններով Անգարան միայն Սուրիոյ վարչակարգին եւ Սուրիոյ քիւրտերուն հետ չէ, որ կը խօսի: Եգիպտոսի մէջ ծայր առած շարժումը, իսլամական վարչակարգի տապալումը յայտնապէս խոր անհանգստութեան մատնած է Թուրքիոյ իսլամական վարչակարգի ղեկավարները: Գահիրէի եւ Անգարայի իշխանութիւններուն երեւութական դիմագիծերը, անշուշտ տարբեր հանգամանքներով ու պայմաններով զուգահեռներ ունին (էին): Իսլամական վարչակարգեր, որոնց հակակշիռը զինուորականութիւնն է, որ երկրի ու պետութեան շահերէն մեկնած միջամտութիւն կատարելու մղձաւանջին տակ կը պահէ գործող իշխանութիւնները:

Իսլամական վարչակարգի տապալումը Գահիրէի մէջ կը շարունակէ անհանգիստ վիճակի մէջ պահել նոյն բնութագիրը ունեցող թրքական իշխանութիւնները: Առանց մոռնալու անշուշտ, որ Եգիպտոսը, Թուրքիան եւ Սէուտական Արաբիան հիմնական մրցակիցներ են արաբական աշխարհի եւ յատկապէս սիւննի զանգուածին վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու առաջնային գործօնի դիրքը գրաւելու մրցավազքին մէջ:

Սակայն, եթէ Եգիպտոսի մէջ գաղափարակից վարչակարգի տապալումը կ՛անհանգստացնէ Անգարայի վարիչները, Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավարութեան կայացումով համաքրտական միաւորումի ուրուականը շատ աւելի խոր տագնապի կ՛առաջնորդէ Էրտողանն ու իր վարչախումբը: Այս մէկը արդէն Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան սպառնացող լրջագոյն վտանգ է, որ օրէ օր աւելի տեսանելի կը դառնայ:

Հիմա նայինք ընդհանուր համապատկերին` Անգարայէն դիտուած: Վերիվայրումներով յատկանշուող եւ յաճախ մրցակցային լարուածութեամբ դրսեւորուող յարաբերութիւններ Իրանի հետ. ոչ միայն խզուած, այլ թշնամական յարաբերութիւններ Դամասկոսի հետ, սպառնական մօտեցումներ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ստեղծուած ինքնավար Քիւրտիստանի հետ: Եւ փակ սահմաններ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ:

Յիշե՞նք, որ ոչ հեռու անցեալին Անգարայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յոխորտար «Օ խնդիրներ դրացի երկիրներու հետ» կարգախօսով:

«Ա.»

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )