Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Բարեկամներ կամ հարազատներ ձեզ պիտի հրաւիրեն ճաշկերոյթի մը տօնական հանդիսութեան մը կամ ուրախ տարեդարձի մը առիթով: Ներկայ եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ուրախ օր մըն է այս ձեզի համար` առանց տօնական կամ այլ առիթի: Ձեր վեհանձնութիւնը եւ ոգեւորութիւնը պիտի ազդեն ձեր շուրջիններուն վրայ: Մնացէք նոյն տրամադրութեամբ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրուան ձեր խճողուած յայտագիրը թեթեւցուցէք: Ոչինչի կը ծառայէ գործերը դիզելը: Աշխատանք մը աւարտեցէք, ետքը` յաջորդին: Ժամանակ տրամադրեցէք բարեկամներու կամ հարազատներու հետ հանդիպելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հանդիպումի մը ընթացքին պիտի տեսնէք հաճելի երեւոյթով անձ մը, որ բարեկամի մը նման պիտի մօտենայ ձեզի: Փոխադարձեցէք անոր յարգանքը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի պատրաստէք աշխատանքի լաւ ծրագիր մը, որ գոհունակութիւն պիտի պարգեւէ ձեզի: Մնացէք հետեւողական տրամադրութեամբ, կը յաջողիք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեզի պիտի թելադրուի կարդալ լաւ գիրք մը, կամ` կատարել ուսումնասիրութիւն մը, որուն մէջ պիտի խորանաք եւ զարգանաք ուրախութեամբ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր լաւատեսութիւնը ձեզ պիտի խանդավառէ եւ յառաջ մղէ կեանքի մէջ յաջողելու: Պիտի հաստատէք յոռետեսութեան վնասը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նախքան որոշելը կալուածային գնում մը կատարել` հարցուցէք շուկայի գինը եւ ապա որոշեցէք գնել կամ ոչ: Հապճեպ որոշում մի՛ տաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Աշխատանքը պիտի ընթանայ յաջող` շնորհիւ ձեր ինքնավստահ եւ յանդուգն նախաձեռնութեան: Օրը պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ամուսնացած ըլլաք թէ ամուրի, պիտի ունենաք սիրային կապ մը` մոռցուած բարեկամութեան մը վերայայտնումով: Ուրախութեամբ դիմաւորեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ կրնաք նուէր մը ընծայեցէք արժանաւոր անձի մը, որ կը սիրէ ձեզ: Սէրը փոխադարձ կրնայ ըլլալ այս պարագային: Անկեղծութիւն ցոյց տուէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Խօսքի առիթ տուէք ուրիշներու, եղէք ունկնդիր, որպէսզի երկխօսութիւնը ընթանայ բնական հունով եւ զիրար հասկնաք որոշում մը տալէ առաջ: Իմաստուն եղէք միշտ: