Ըստ Ընդդիմադիր Ազգային Համաձայնական Մարմինի Նախագահին «Ժընեւ-2» Խորհրդաժողովը Կրնայ Սուրիոյ Պատերազմին Վերջ Տալ»
Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Ժարպա յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու անմիջական աջակցութեան շնորհիւ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը, որուն քննարկման առանցքային նիւթը Սուրիոյ մէջ փոխանցման կառավարութեան ձեւաւորումն է, կրնայ վերջ տալ Սուրիոյ արիւնալի պատերազմին:
Ժարպա «Արապիա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ ինք լիայոյս է, որ «Ժընեւ-2»-ի իբրեւ արդիւնք կարելի պիտի ըլլայ վերջնականապէս տապալել նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը:
«Սուրիական տագնապի քաղաքական լուծումը կարելի է միայն Ասատի հեռանալէն ետք», նշած է ան` միաժամանակ ընդգծելով, որ չի կրնար երաշխաւորել Ասատի եւ անոր ընտանիքին Սուրիայէն ապահով դուրս բերելը:
Ժարպա նաեւ յայտարարած է, որ անկախ միջազգային լրատուամիջոցներու մէջ տարածուած տեղեկութիւններէն, Ֆրանսան եւ Բրիտանիան սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու մտադրութենէն չեն հրաժարած:
Նշենք, որ ՄԱԿ շաբաթ օր յայտարարեց, որ քիմիական զէնքերու օգտագործման տեղեկութեանց շուրջ հետաքննութիւն կատարելու առնչութեամբ համաձայնութիւն մը գոյացած է: ՄԱԿ-ի երկու յատուկ պատուիրակներ երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օր Դամասկոս այցելելով Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատի հետ բանակցութիւններ կատարած էին: