Իսրայէլի Նախարարաց Խորհուրդը Պաղեստինցիներուն Հետ Գոյանալիք Համաձայնութեան Շուրջ Հանրաքուէ Կատարելու Որոշում Մը Որդեգրեց

Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդը որդեգրեց որոշում մը, ըստ որուն, պաղեստինցիներուն հետ գոյանալիք խաղաղութեան որեւէ համաձայնութեան շուրջ հանրաքուէ պիտի կատարուի:

Պենիամին Նեթանիահու

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ «կարեւոր է, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի այդպիսի պատմական որոշումներու շուրջ քուէարկութիւն կատարէ»:

Իսրայէլեան կառավարութիւնը նաեւ «բարի կամեցողութեան» քայլով մը որոշեց Օսլոյի համաձայնութենէն առաջ բանտարկուած 104 պաղեստինցիներ հանգրուանային ձեւով ազատ արձակել: Պաղեստինեան իշխանութիւնը ողջունեց որոշումը:

Իսրայէլեան կառավարութեան կիրակի օրուան հերթական նիստը մէկ ժամ ուշացումով տեղի ունեցաւ, որովհետեւ Նեթանիահու աշխատանք կը տանէր նշեալ որոշումներուն որդեգրման համար բաւարար զօրակցութիւն ապահովելու:

Նեթանիահու նիստէն առաջ լրագրողներուն յայտնեց, որ «այս պահը ինծի համար դիւրին չէ եւ նախարարաց խորհուրդի անդամներուն համար դիւրին չէ, ինչպէս նաեւ զոհերուն ընտանիքներուն համար, որոնց զգացումները կը հասկնամ, սակայն գոյութիւն ունին պահեր, երբ ազգին համար դժուար որոշումներ պէտք է որդեգրուին եւ ասիկա ատոնցմէ մէկն է»:

Ժողովէն առաջ Իսրայէլի պաշտպանութեան փոխնախարար Տանի Տանոն դատապարտեց առաջարկը: Ան Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «ասիկա քաղաքական սխալ մըն է, անբարոյական սխալ մըն է: Ահաբեկիչներուն փոխանցած մեր պատգամը այն է, թէ ի վերջոյ զանոնք ազատ պիտի արձակենք` իբրեւ հերոսներ»:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի 19 յուլիսին յայտարարած էր, որ պաղեստինցիներուն եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները պիտի վերսկսին «մէկ երկու շաբաթէն»:

Նշենք, որ Պաղեստինեան իշխանութեան ապահովական ուժերը երէկ Ռամալլայի մէջ բռնի ուժով ցրուեցին Իսրայէլի հետ բանակցութեան վերսկսումը մերժող ցոյց մը:

Share this Article
CATEGORIES