Իշխանութիւնները Ռապիա Ատուիայի Եւ Նահտայի Նստացոյցերը Այսօ՞ր Պիտի Ցրուեն. Մուրսիի Համակիրները Կ՛անտեսեն Նստացոյցերը Ցրուելու Սպառնալիքները
Եգիպտոսի պաշտօնանկ եղած նախագահ Մոհամետ Մուրսիի համակիրները, հակառակ արձանագրուած տասնեակներով զոհերուն, անտեսեցին Գահիրէի մէջ իրենց նստացոյցերը ցրուելու սպառնալիքները:
Իսլամ եղբայրներու անդամներ ցուցարարներուն առջեւ խօսք առնելով յայտնեցին, որ իրենք իրենց իրաւունքները պահանջելու կեցուածքէն նահանջ պիտի չկատարեն:
Սակայն Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պատասխանատու մը զգուշացուց, որ այդ նստացոյցերը «շուտով» պիտի ցրուուին: Ներքին գործոց նախարարը Մուրսիի համակիրներուն կոչ ուղղեց` «խելքերնին գլուխնին հաւաքելով» տուն երթալու: Ան ընդգծեց, որ Ռապիա Ատուիա մզկիթին մօտ բնակողներուն կողմէ յարուցուած դատական հայցերը այդտեղ տեղի ունեցող նստացոյցը ցրուելու օրինական հիմք կը տրամադրեն:
Եգիպտական բարձրաստիճան աղբիւրներ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեցին, որ «Ռապիա Ատուիայի եւ Նահտայի հրապարակներուն վրայ կատարուող նստացոյցերը երեքշաբթի օրուընէ առաջ ցրուելու որոշում որդեգրուած է»:
Կառավարութիւնը հերքեց, թէ ապահովական ուժերը շաբաթ օր ցուցարարներուն դէմ իսկական փամփուշտներ օգտագործած են` յայտնելով, որ միայն արցունքաբեր կազ օգտագործուած է:
Ազհարի շէյխը կոչ ուղղեց հետաքննութիւն կատարելու, իսկ Եգիպտոսի փոխնախագահ Ահմետ Պարատէյի յայտնեց, որ անհամաչափ ուժ կիրարկուած է:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներ Եգիպտոսի մէջ կատարուող արիւնահեղութեան նկատմամբ խոր մտահոգութիւն յայտնեցին: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի դատապարտեց բռնարարքները եւ եգիպտական իշխանութեանց կոչ ուղղեց` «խաղաղ հաւաքներ կատարելու եւ խօսքի ազատութեան իրաւունքը յարգելու»:
Փենթակոն յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է իր եգիպտացի պաշտօնակից Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ եւ անոր փոխանցած Եգիպտոսի մէջ վերջերս տեղի ունեցած բռնարարքներուն նկատմամբ իր երկրին մտահոգութիւնը:
Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարարութիւնը շաբաթ օր յայտնեց, որ ուրբաթ օր տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին 78 զոհ արձանագրուած է, թէեւ բժշկական աղբիւրներ նշեցին, որ աւելի քան 100 զոհ արձանագրուած է:
Մինչ Գահիրէի մէջ շաբաթ օր բախումներ տեղի կ՛ունենային, ապահովական ուժերը Սինայի մէջ 48 ժամուան ընթացքին 10 իսլամական զինեալներ սպաննեցին:

