Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

«ՆԱՇՐԱ» կայքէջին համաձայն, լիբանանեան ապահովական պատկան մարմիններ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրած են Մասնաայի սահմանէն Լիբանան ժամանող սուրիացիներուն նկատմամբ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրիի հրաւէրով նախանցեալ գիշեր ընդլայնուած հանդիպում մը տեղի ունեցած է Հարաւի Մաժտալիուն շրջանին մէջ, ուր խորհրդակցութեանց առանցքը կազմած է Ապրայի յետասիրեան բախումներու իրավիճակը` վերակառուցման, վերածաղկման թէ կասկածելիներու հետապնդման դիտանկիւնէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ տեղեկատուական մարզը երէկ կորսնցուց իր ականաւոր դէմքերէն Իպրահիմ Խուրին, որ լիբանանեան պատերազմի ընթացքին վարած էր «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանի եւ ապա «Թելէ Լիպան»-ի տնօրէնի պաշտօնը:

«ՆԱՇՐԱ» կայքէջը երէկ երեկոյեան հաղորդեց, որ Շատի Մաուլաուիի եղբայրը` Նիզար, ծեծի հարուածներով յարձակում գործած է լիբանանեան բանակի մէկ զինուորին դէմ` Թրիփոլիի Էպպէ շրջանին մէջ: Շատի Մաուլաուի նախապէս արգելափակուած եւ ազատ արձակուած արմատական իսլամականներէն մէկն է:

 

Share this Article
CATEGORIES