Շէյխ Ահմետ Ասիր Թաամիր Ապաստանած Է

Լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն յատուկ խմբակ մը յատուկ այցելութիւն տուած է Սայտայի պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանը` նշելով, որ հետապնդման ենթակայ շէյխ Ահմետ Ասիր եւ նախկին երգիչ Ֆատլ Շաքեր ներկայիս ապաստանած էին նշեալ գաղթակայանի Թաամիր շրջանը, որ հակառակ 300 մեթր հաշուող իր երկարութեան, ունի յատուկ կարգավիճակ իր «հիւրընկալած» շուրջ 250 իսլամական զինեալներուն, ինչպէս նաեւ իր ըմբոստ վիճակին բերումով:

Պաղեստինեան գաղթակայանի ղեկավարներ, յատկապէս` Ֆաթհ շարժումը, նախանձախնդիր են խնդիր չյարուցանելու` խուսափելով կացութեան բռնկեցումէն: «Էմ.Թի.Վի.» կայանին համաձայն, Թաամիրը ապահովական կղզի մըն է, ուր գերիշխող են Ժունտ Շամի եւ Ֆաթհ Իսլամի 200-էն 250-ի հասնող զինեալներ եւ ուր շէյխ Ահմետ Ասիր եւ Ֆատլ Շաքեր ապաստանած են անոր Թաուարէ թաղամասը: «Էմ.Թի.Վի.»-ի խմբակը չէ կրցած մտնել նշեալ թաղամասը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )