Պէյրութ Գետի Կոկորդիլոսի Հետքի Փնտռտուքը Կը Շարունակուի

Վերջին օրերուն ժողովրդային թէ ղեկավար շրջանակներու խօսակցութեանց եւ հետաքրքրութեան առանցքը կազմած կոկորդիլոսը երէկ շարունակեց մտահոգել շրջանի բնակիչներն ու պատասխանատու մարմինները: Այս ծիրին մէջ, քաղաքապետական թէ նախարարական պատկան կողմեր կը շարունակեն մօտէն հետեւիլ այս երեւոյթի զարգացումներուն` հարցը բարւոք լուծումի յանգեցնելու միտումով:

Այս ծիրին մէջ, «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ ըստ իր թղթակիցի տեղեկութիւններուն, երկու կոկորդիլոսներ կան շրջանին մէջ եւ թէ պատկան կողմերը կազմ ու պատրաստ կը սպասեն յարմար պահուն` «որսալու» համար զանոնք:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )