Եւրոպական Միութեան Որոշումը Տակաւին Կը Մտահոգէ Երկրին Ղեկավար Խաւը

Ուիամ Ուահապ

Հըզպալլայի զինուորական թեւը ահաբեկչութեան ցանկին վրայ տեղադրող Եւրոպական Միութեան որոշումը տակաւին կը շարունակէ մտահոգել  երկրին քաղաքական թէ զինուորական ղեկավար խաւը: Անոնք հիմնականին մէջ մտավախութիւն ունին, որ այս որոշումը նախաքայլ մըն է արդարացնելու յառաջիկային այս հարցին պատրուակով Լիբանանի դէմ կատարուելիք իսրայէլեան թշնամական արարքի մը: Ապահովականի կողքին կայ նաեւ տնտեսական մտավախութիւն, թէ այս որոշումին պատճառով տնտեսական ճնշումները կրնան բանեցուիլ Լիբանանի վրայ: Այս մտավախութիւնները առաւել եւս «հող գտան» այն տեղեկութիւններէն ետք, թէ Ծոցի երկիրներ արդէն իսկ սկսած են նիւթական սեղմումներու ենթարկել Ծոցի շրջանին մէջ գործառնութեան մէջ եղող Հըզպալլայի նիւթական աղբիւրները: Սէուտական «Ուաթան» թերթը, որ կը հաղորդէ այս տեղեկութիւնները, կ՛աւելցնէ, որ Ծոցի երկիրները զատողութիւն չեն դներ Հըզպալլայի զինուորական կամ քաղաքական թեւերուն միջեւ եւ թէ նիւթական շրջափակումը կը կրէ ընդհանուր բնոյթ:

Միւս կողմէ, կարգ մը նախկին թէ գործօն քաղաքական գործիչներ, ինչպէս` նախկին նախարար Ալպեր Մանսուր, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել, նախկին դեսպան Ապտալլա Պու Հապիպ եւ նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ քննադատեցին Եւրոպական Միութեան որոշումը` պահանջելով յետս կոչել զայն, որովհետեւ անիկա կրնայ ժխտական հակազդեցութիւններու դուռ բանալ: Նախկին նախարար Ալպեր Մանսուր այդ որոշումը նկատեց շրջանային իրադարձութեանց, յատկապէս Քուսէյր շրջանին մէջ սուրիական վարչակարգին արձանագրած յաջողութեան հետեւանքներէն մէկը, ուր զգալի էր Հըզպալլայի դերակատարութիւնը:

Լիբանանեան «Տիար» օրաթերթը, դիւանագիտական աղբիւրի մը վերագրելով իր տեղեկութիւնները, նշեց, թէ Եւրոպական Միութիւնը մտահոգ է իր իսկ հրապարակած որոշումին հետեւանքներէն, եւ առ այդ Էխհորեսթ  «առաքուած» էր Հըզպալլայի ղեկավարներուն մօտ, մեղմացնելու համար որոշումի ազդեցութիւնը: Նոյն աղբիւրը հաւանական նկատեց, որ վեց ամիս ետք` որոշումի վերատեսութեան պահուն, Եւրոպական Միութեան կարգ մը երկիրներ կրնան փոխել իրենց կեցուածքը, յատկապէս, որ անոնք դէմ էին անոր, նախքան որ իրենց վրայ ճնշում բանեցուի:

Share this Article
CATEGORIES