Աւարտելով Զահլէ Կատարած Իր Այցելութիւնը. Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Կեդրոնական Հզօր Պետութիւն Մը Հիմնելու Լիբանանի Մէջ

Աւարտելով Պեքաայի, յատկապէս Զահլէի շրջանը կատարած շաբաթավերջի իր այցելութիւնը, մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ այցելեց Զահլէի Մըալլաքա շրջանի քաղաքապետարանը, ուրկէ կոչ ուղղեց կեդրոնական հզօր պետութիւն մը հիմնելու: Ան այցելեց նաեւ ասորիներու Մար Ճըրճոս առաջնորդարանը եւ Զահլէի յոյն ուղղափառներու եկեղեցին:

Ռայի պատրիարքը ժողովրդային շքեղ ընդունելութեան կողքին խորհրդակցութիւններ ունեցաւ զանազան շրջաններէ եկող պատուիրակութեանց հետ` լսելով անոնց հարցերը, մտահոգութիւններն ու պահանջները:

Այս ծիրին մէջ ան ընդունեց նաեւ պատուիրակութիւն մը Արսալի մէջ առեւանգուած զահլէցի հայազգի Գրիգոր Ֆոսեանի ընտանեկան պարագաներէն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )