Վերջին Օրերուն Քաղաքական Խորհրդակցութեանց Առանցքը Կազմելով` Զօր. Քահուաժիի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգման Հարցը Կը Վճռուի Այսօր

Ֆայեզ Ղոսըն

Իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, կ՛ակնկալուի, որ Միացեալ Նահանգներէն իր վերադարձին, նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այսօր վճռէ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգման առնչուող որոշումը:

Այս ծիրին մէջ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը լուսաբանեց, թէ զօր. Քահուաժիի պաշտօնավարութեան գծով նախարարաց խորհուրդի նիստ չէ գումարուած, ո՛չ ալ այս առնչութեամբ խորհրդակցութիւններ կայացած են խնդրոյ առարկայ կողմերուն հետ:

Նշենք, որ զօր. Աուն իր վերջին կեցուածքներով բուռն կերպով քննադատեց նման հաւանականութիւն մը, մինչ առնչակից այլ կողմեր, ներառեալ` զօր. Աունի դաշնակից ղեկավարներ, հաւանութիւն յայտնեցին նման քայլի մը` խուսափելով բանակի հրամանատարի պաշտօնը թափուր ձգելու անբաղձալի քայլէն:

Այս ծիրին մէջ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն յայտնեց, թէ այս հարցը պիտի վճռուի այս շաբթուան ընթացքին, որովհետեւ կարելի չէ զինուորական հաստատութեան հրամանատարութիւնը թափուր վիճակի մատնել: Ղոսըն նշեց, որ այս գծով պրպտումներ կը կատարուին` յանգելու համար զօր. Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը լիազօրող տարազի:

Իսկ լիբանանեան Ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան ըսաւ. «Կարելի չէ թափուր վիճակ ստեղծել երկրի ապահովական դիրքերուն, յատկապէս բանակի հրամանատարութեան մէջ:

Իր կարգին, զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆատի Ապպուտ ըսաւ, թէ «պէտք է մեր բառարաններէն վերցնենք «երկարաձգում» բառը. ի վերջոյ երկիրը մէկ անձէ կախեալ չէ»` յայտնապէս ակնարկելով զօր. Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգման:

Միւս կողմէ, նախկին երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն երէկ յայտարարեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի տուած իր այցելութիւնը չ՛առնչուիր որեւէ թղթածրարի հետ: Ան այս առիթով իր զօրակցութիւնը յայտնեց զօր. Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգման:

Իսկ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը լուծման լաւագոյն ձեւն է` խուսափելու համար բանակի հրամանատարութիւնը թափուր ձգելու հաւանականութենէն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )