Ս. Էջմիածին. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ընդունեց Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատարը
26 յուլիսին Ս. Էջմիածինի մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ընդունեց Հայաստանի մէջ Սուրիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Իսսամ Նայալը:
Հանդիպումին վեհափառ հայրապետը մտահոգութեամբ անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին` խոր ցաւ յայտնելով տագնապին պատճառով Սուրիոյ ժողովուրդին կրած կորուստներուն եւ պատճառուած աւերին համար: Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ հայ եկեղեցին պիտի շարունակէ իր զօրակցութիւնը ծանր կացութեան մէջ գտնուող Սուրիոյ ժողովուրդին: Ամենայն հայոց կաթողիկոսը վստահութիւն յայտնեց, որ Աստուծոյ օգնութեամբ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն կը հաստատուի եւ սուրիացի ժողովուրդը կը վերագտնէ իր բնականոն կեանքի ընթացքը: Իր կարգին, Իսսամ Նայալ սուրիացի ժողովուրդին անունով երախտագիտութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին եւ հայ եկեղեցւոյ ցուցաբերած մարդասիրական օգնութեան համար: Սուրիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը վեհափառ հայրապետին փոխանցեց նաեւ Սուրիոյ գլխաւոր միւֆթի շէյխ Ահմետ Պատրէտտին Հասսունի ողջոյնները:
Հանդիպման աւարտին վեհափառ հայրապետը վերստին կարեւոր նկատելով երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդումը, Սուրիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարին արդիւնաւէտ առաքելութիւն մաղթեց Հայաստանի մէջ:

