Աշխարհի Ջրային Մարզաձեւերու 15-րդ Ախոյեանութիւն
Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ արդէն իսկ սկսած է աշխարհի ջրային մարզաձեւերու 15-րդ ախոյեանութիւնը: Այս ախոյեանութեան կը մասնակցին 170 երկիրներէ աւելի քան 2000 մարզիկներ, որոնցմէ երեքը Հայաստանի ներկայացուցիչներ են:
Այս ախոյեանութեան 50 եւ 100 մեթրի ազատ ոճի մրցումներուն կը մասնակցին Մոնիքա Վասիլեան եւ Վահան Մխիթարեան:
Մխիթարեանի նախնական ելոյթները տեղի պիտի ունենան 31 յուլիսին (100 մ) եւ 2 օգոստոսին (50 մ), իսկ Վասիլեանի ելոյթները` 1 եւ 3 օգոստոսին (100 եւ 50 մ):
Մինչ այդ, Խաչիկ Փլաւչեան 100 մեթրի ոչ ազատ լողի մրցումին հանդէս կու գայ 29 յուլիսին, իսկ 3 օգոստոսին` 50 մ-ի:
Այս ախոյեանութեան համար Հայաստանի հաւաքականը 14 օրուան տեւողութեամբ իր պատրաստութիւնները կատարած է Ծաղկաձորի մէջ:
CATEGORIES Մարզական