Լուիս Հեմիլթըն` Հունգարիոյ Կրան Փրիի Ախոյեան

Լուիս Հեմիլթըն

 

 

 

 

 

 

 

Մերսետեսի բրիտանացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն յաղթելով Հունգարիոյ կրան փրին կերտեց իր այս տարուան առաջին յաղթանակը:

Ան զտումի մրցումներուն ամէնէն լաւ ժամանակը արձանագրելով սկսաւ առաջինը եւ իր առաւելութիւնը կրցաւ պահել ամբողջ մրցումի ընթացքին` օգտագործելով երեք  «Փիթ Սթափ»: 10.9 երկվայրկեանի առաւելութեամբ ան  գերազանցեց ֆինլանտացի Քիմի Ռայքոնենը, իսկ մրցումին երրորդ դիրքը գրաւեց գերմանացի եւ աշխարհի ախոյեան Սեպասթիան Վեթելը:

Մերսետեսի պատասխանատուներէն Նիքի Լաուտա, որ աշխարհի նախկին ախոյեան էր, շեշտեց, որ ինքնաշարժին պայմանները այդքան ալ լաւ վիճակի մէջ չէին, բայց Հեմիլթըն իրագործեց այս յաղթանակը եւ հիանալի էր: Մենք իրեն կը պարտինք այս մէկը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )