Օզպիլիսի Առաջին Խաղը Սպարտակի Հետ

Սպարտակի նորեկ եւ Հայաստանի հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիս իր առաջին խաղը կատարեց Սպարտակի շապիկով:

Տինամոյի դէմ տեղի ունեցած խաղին ան դաշտ ներկայացաւ 70-րդ վայրկեանին` փոխարինելով Մակիտիին: Խաղը աւարտեցաւ Սպարտակի յաղթանակով (4-1):

Օզպիլիս ըսաւ, թէ ան շատ ուրախ է, որ այս ձեւով սկսաւ իր ընթացքը Սպարտակի հետ: Ան շեշտեց, որ ամէնէն կարեւորը երեք կէտերն էին, զորս խումբը ստացաւ, եւ աւելցուց ըսելով, որ խումբը շատ լաւ ընդունեց զինք:

Յիշեցնենք, որ Օզպիլիս (23 տարեկան) 26 յուլիսին Քուպանէն միացաւ Սպարտակի` 5 տարուան պայմանագիրով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )