Հայերէնի Զեղծումը Մինչեւ Գերեզմանատուն
Արմենակին պատմածը եւ ողբը:
«Լոս Անճելըսի գերեզմանատուները հինգ աստղանի պանդոկներու կը նմանին: Չեմ գիտեր, թէ գործազուրկները եւ աղքատները ինչպէ՞ս կը յանձնուին հողին: Համեստ կոչուած թաղում մը 15.000 տոլարի սահմանը կ’անցնի` առանց նկատի առնելու մեծ ու պզտիկ ծաղկեպսակները: Գեղակերտ դագաղը կը դրուի կրաղիւսէ արկղի մը մէջ` առաջքը առնելու համար հողի եւ ստորկրեայ ջուրերուն ապականման, եւ յատուկ վերելակային սարքով կ’իջնէ փոս:
«Իրարու պոչ բռնած բլրակներու կողերուն վրայ դամբաններ կան: Հողակոյտ չկայ: Հարթ մակերեսը մարգագետին է: Արդէն մարդիկ կան, որոնք իրենց փիքնիքի աթոռներով այցի կու գան, կը ճաշեն, կը խմեն: Արեւը անդաւաճան կերպով հոն է: Կանաչը հոգեբուժին յանձնարարած հանդարտեցուցիչին չափ դարման է: Կրնաք ժամանակը մոռնալ եւ թափառիլ` հայու անուններ կարդալով: Ամէն տարիքի: Կեանքի ընկերներ` կողք կողքի, եւ միշտ «սիրելի» կամ «սիրեցեալ», հայերէն կամ անգլերէն: Ութսուն կամ իննսուն տարեկան պապուկին եւ մամիկին համար ալ անգլերէն, որպէս անցագիր, ծանօթ-անծանօթ դրախտը երթալու համար:
«Թափառեցայ: Հայ մեծանուն երգահանի անունով թաղման «ընկերութիւն» կայ, «պիզնես»: Մարգին մէջ կան մետաղեայ ուղղանկիւն-քառանկիւն տապանաերկաթներ, տապանաքարի կարիք չկայ: Կարդացի այդ տապանաերկաթներուն արձանագրութիւնը: Եթէ հայերէնը մոռցողներ կային, երեւոյթ, որուն հետ հաշտուած ենք, կային նաեւ հայատառ արձանագրութիւններ: Երանի՛ չըլլային: Խորհրդային ուղղագրութիւնը հոն ալ տուն-տեղ եղած է, որուն հետ ոմանք հաշտուած են` մեծ իմաստութեամբ յայտարարելով, որ այդ է ճիշդը, քանի որ պետական է:
«Բայց գեղեցիկ մարգագետինը պղծուած է պղծուած հայերէնով: Ափսո՜ս, որ չնկարեցի: Մեր այնքան ընթացիկ Սարգիսին ԳԻՄ-ը դարձեր էր ՔԷ, գրուած էր ԾՆՎԷԼ է, ուղղագրութիւնները հաշտեցնելու փորձ ընելով, քիչ մը ասկէ քիչ մը անկէ, ազգանունի ԵԱՆը նոյն երկաթին վրայ անգամ մը ԵԱՆ է անգամ մը ՅԱՆ… Ողջերու հետ չգումարուող ժողովը մեռեալներու հետ կը գումարուի:
«Մտածեցի, որ գերեզմանատուն է, ուստի հայերէնն ալ կարելի է թաղել:
«Քահանաները եթէ մերժեն աղօթք կարդալ օտարագիր դամբանին առջեւ եւ նզովեն հայերէնը բութ դանակով մորթողները, ազգօգուտ գործ կ’ընեն, նոյնիսկ եթէ քանի մը հարիւր տոլար պակաս պիտի գանձեն»:
Արմենակ չսպասեց, որ երկու խօսք ալ ես ըսեմ: Ինքնիրեն խօսելով` ձգեց գնաց:
Չգիտցայ, որ հոն ի՞նչ ըսած էր…
Մակար, ի Գաղիա

