Յուշատետր. Օրուան Լուսանկարը

Ռ. Հ.

Գզրոցին մէջէն յանկարծ դուրս եկաւ մոռցուած մեծահասակ լուսանկար մը: Ինչպէ՞ս պատահեր է, որ ես հոն մոռցեր էի այդ լուսանկարը, գունաւոր ու սքանչելի այդ լուսանկարը, որ մօտաւորապէս տասնհինգ տարի առաջուան կարեւոր հանդիպումէ մը իբրեւ յիշատակ կը մնար ինծի: Կլոր սեղանի շուրջ պատկառելի հոգեւորականի մը հետ էինք, ես եւ երկու-երեք մօտիկ ընկերներ: Կեդրոնը` ինքը, հոգեւորականն էր: Ան կը խօսէր, մենք մտիկ կ՛ընէինք: Նայեցայ պատկերին եւ յիշեցի այդ օրը: Լուսանկարին ետին թուական մըն ալ կար արդէն: Ասիկա այդ օրուան լուսանկարն էր:

Մտածեցի, որ օրուան մարդիկը կ՛անցնին-կ՛երթան, օրուան լուրերը կը մարին-կը մոռցուին, օրուան տխրութիւններն ու ուրախութիւնները կ՛անհետանան` իրենց տեղը նորերու թողլով, օրուան մէջ հարիւրաւոր գործերու ետին դրուած վերջակէտներն ալ պատմութիւն կը դառնան, բայց օրուան լուսանկարները կը մնան: Ասոնք «օրուան լուսանկար» ըլլալով հանդերձ, կը դառնան կեանքի լուսանկար:

Կէտ մը կայ, որ ճիշդ է: Մարդիկ թէեւ անխտիր ամէն օր ունին, օրուան տխրութիւններն ու ուրախութիւնները, օրուան լուրերն ու զգայացունց դէպքերը, օրուան վերջակէտներն ու սկզբնակէտերը, բայց անպայման չունին օրուան իրենց լուսանկարը: Մարդիկ ամէն օր չեն լուսանկարուիր, որպէսզի ամէն օր ունենան իրենց օրուան լուսանկարը: Միջին մարդը քանի՞ ամիսը անգամ մը, կամ քանի շաբաթը անգամ մը կը լուսանկարուի: Ո՜վ գիտէ, աշխարհի վրայ չկա՞ն մարդիկ, որոնք իրենց կեանքին մէջ մէկ անգամ իսկ չեն լուսանկարուած: Չկա՞ն մարդիկ, որոնք իրենց կեանքին մէջ հազիւ թէ երկու կամ երեք անգամ լուսանկարուած են: Այդպիսի մարդիկ շատ կան: Բայց այսօրուան պայմաններու մէջ, երբ այլեւս լուսանկարը մանուկի խաղալիք դարձած է, ընկերային կեանքէ ներս որոշ դասակարգի մը մարդը շատ յաճախ առիթներ ունի լուսանկարուելու կամ լուսանկարելու:

Ատոր փոխարէն` կան բացառիկ մարդիկ, որոնք թերեւս ամէն օր հարիւր անգամ կը լուսանկարուին: Ասոնք շրջանի նշանաւոր մարդիկն են, մանաւանդ` օրուան քաղաքական մարդիկը, որոնք ո՛ւր որ ալ երթան, իրենց ետեւէն կը տանին լուսանկարիչներու բանակ մը եւ այլեւս չեն կրնար հաշուել, թէ մէկ օրուան մէջ քանի հոգի լուսանկարեց զիրենք: Եթէ սովորական մարդը իր անձին կամ իր մերձաւորներուն կամ իր բարեկամներուն համար կը լուսանկարուի ու անպայման կը տեսնէ այդ լուսանկարը, կը պահէ այդ լուսանկարը, նշանաւոր մարդիկը ուրիշներուն համար է, որ կը լուսանկարուին եւ իրենք այլեւս շատ անգամ չեն իսկ տեսներ այդ լուսանկարները: Եւ երբ այդքան շատ են այդ լուսանկարները, արդէն անոնք մեծ կարեւորութիւն մըն ալ չեն ներկայացներ իրենց համար:

Բայց այս ալ երկար չի տեւեր, որովհետեւ բնականոն երեւոյթ չէ: Գիտենք, որ ամէն օր հարիւր անգամ լուսանկարուող նշանաւոր մարդիկը օր մը պիտի դադրին հետաքրքրական մարդ ըլլալէ ու օրը հարիւր անգամ լուսանկարուելէ: Անոնց ամէնօրեայ «օրուան լուսանկար»-ը սահմանափակ շրջանի մը համար է միայն, որովհետեւ աշխարհի ամէնէն նշանաւոր մարդն անգամ որոշ ժամանակի մը համար է, որ նշանաւոր է, որոշ ժամանակաշրջանի մը համար է, որ լուսանկարուելու արժանի կը նկատուի: Մնացեալ շրջաններուն ան մոռցուած մարդ պիտի դառնայ, լուսանկարիչներու բանակ պիտի չունենայ իրեն հետ: Այլ խօսքով, չկայ մարդ մը, որ կեանքի գրեթէ ամբողջութեան ընթացքին ամէն օր ունենայ իր «օրուան լուսանկարը»:

Միայն թէ «օրուան լուսանկարը» օրուան միւս նիւթերուն նման անցողական չէ: Օրուան միւս նիւթերուն նման անհետանալու ու մոռցուելու համար չէ: Ան «օրուան մը լուսանկարը» ըլլալով հանդերձ, դուրս կու գայ այդ մէկ օրուան սահմաններէն ու կը դառնայ գալիք օրերու ալ ապրանքը: Կը մնայ ու ինքզինք կը յիշեցնէ:

Մենք ամէն օր մեր լուսանկարներու ալպոմները չենք թղթատեր: Բայց եթէ պատահմամբ սկսինք թղթատել լուսանկարներու սա կամ նա ալպոմը, յանկարծ կը զգանք, որ մեր մէջ խորհրդաւոր տեղափոխութիւն մը կը կատարուի: Կը փոխադրուինք դէպի անցեալի սա կամ նա որոշ կամ անորոշ թուականը: Ալպոմին իւրաքանչիւր էջը մեզ կը հրաւիրէ անցեալի մէջ մնացած թուականի մը հետ միանալու: Մէկ էջէն դէպի միւս էջը որքա՞ն ժամանակ անցած է, ամի՞ս մը, տարի՞ մը, քանի՞ մը տարի: Կարեւոր չէ: Ամէն անգամ որ էջ մը կը դարձնենք, մենք մէկ թուականէն կ՛անցնինք դէպի միւս թուականը, մէկ օրուան լուսանկարէն դէպի ուրիշ օրուան մը լուսանկարը: Այդ լուսանկարները շատ բան կը վերակենդանացնեն իրենց հետ միասին, որովհետեւ անոնք ձերբակալած են մեր օրերը լեցնող հազարումէկ անցուդարձերուն մէկ մասը եւ զանոնք պահած են առանց որ թերեւս մենք նշմարենք կամ ցանկացած ըլլանք: Ճիշդ է, որ մենք ընդհանրապէս յիշատակ մը յաւերժացնելու համար է, որ կը լուսանկարենք, բայց լուսանկարները միայն այդ յիշատակը չէ, որ կը պահեն, անոնք կը պահեն նաեւ այդ յիշատակին հետ կապուած, կամ այդ յիշատակէն անկախ ինչեր ու ինչեր, որոնք այդ թուականէն կարեւոր չէին մեզի համար, որոնք սակայն կարեւոր նկատուած են լուսանկարի գործիքին կողմէ եւ պահուած են:

«Օրուան լուսանկար»-ները անպայման թուականի մը լուսանկարներն են, բայց անոնք նաեւ ամբողջ կեանքի լուսանկարներ են: Անոնք քով քովի գալով օրերը կը միացնեն իրարու եւ շղթայ մը կը կազմեն անոնցմէ:

 

Share this Article
CATEGORIES