ԲԵՐԴԱՊԱՀ ՆԷՕՅԸՐ ՀԻՆԳ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ ՊԱՅԷՐՆ ՄԻՒՆԻԽԻ ՀԵՏ
Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Շալքէի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Պայէրն Միւնիխի հետ, յայտնեց պաւարիական ակումբին կողմէ հրապարակուած լուրը:
Նէօյըրէն բացի, Պայէրնի միացաւ նաեւ պրազիլցի յետսապահ Ռաֆինիա (Ճենովայէն), որ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց:
25 տարեկան Նէօյըր, որ շատ փոքր տարիքէն մաս կը կազմէ Շալքէի, յառաջիկայ 1 յուլիսին պիտի միանայ Պայէրն Միւնիխի:
Նէօյըր, որ Եւրոպայի լաւագոյն բերդապահներէն մէկը կը նկատուի, բազմաթիւ այլ ակումբներու, որոնց կարգին` Մանչեսթըր Եունայթըտի կողմէ եւս կը պահանջուէր:
Նշենք, որ յառաջիկայ տարեշրջանին Շալքէի բերդապահը պիտի ըլլայ 22 տարեկան Ռալֆ Ֆայեհըրման, որ ազատ փոխանցումով մը Այնթրախթ Ֆրանքֆորթէն միացաւ խումբին:
CATEGORIES Մարզական