ԵՒՐՕ – 2012. ՔԵՐԻՔ ԲԱՑԱԿԱՅ` ԱՆԳԼԻՈՅ ԿԱԶՄԷՆ

Մայքըլ Քերիք

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ միջնապահ Մայքըլ Քերիք իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել վաղը` շաբաթ, 4 յունիսին, Զուիցերիոյ դէմ տեղի ունենալիք Եւրօ – 2012-ի զտումի մրցումին` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:

Թէեւ Մանչեսթըր Եունայթըտի 29 տարեկան միջնապահը նկատի առնուած էր, սակայն Պարսելոնայի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»ի աւարտական մրցումին վիրաւորուելով չկրցաւ ազգային խումբին հետ փորձեր կատարել:

Ան այսպիսով կը միանայ վիրաւորներ Ժերմեն Տեֆոյէի (յառաջապահ) եւ Տէյվիտ Սթոքտէյլի (բերդապահ): Բացակայ է նաեւ կախակայուած յառաջապահ Ուէյն Ռունի:

Անգլիա այժմ կը գրաւէ Է. խմբակին պարագլուխի դիրքը (չորս մրցումէ 10 կէտ): Նոյնքան կէտ ունի նաեւ Մոնթենեկրօ (2-րդ): Զուիցերիա կը գրաւէ 3-րդ դիրքը (4 կէտով):

Share this Article
CATEGORIES