Հիւսիսային Կիպրոսի Մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Աւարտած Են Ընդդիմութեան Յաղթանակով
Կիպրոսի լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին յաղթանակ արձանագրած է ձախակողմեան Թրքական հանրապետական կուսակցութիւնը` հաւաքելով քուէներուն 38.37 առ հարիւրը:
Երկրորդ դիրքը գրաւած է իշխող Ազգային միաբանութեան կուսակցութիւնը, որ հաւաքած է քուէներուն 27.30 առ հարիւրը: Երրորդ դիրքը գրաւած է Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, որ ստացած է քուէներուն 23.11 առ հարիւրը:
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կ՛ընդգծէ, որ ընդհանուր առմամբ, խորհրդարանին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան Թրքական հանրապետական կուսակցութենէն 14, Ազգային միաբանութեան կուսակցութենէն 12 եւ Ժողովրդավարական կուսակցութենէն 3 երեսփոխաններ:
«ՌԻԱ-Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ արտակարգ ընտրութիւններ տեղի ունեցած են, որովհետեւ 5 յունիսին խորհրդարանը անվստահութիւն յայտնած էր Իրսեն Քիւչիւքի կառավարութեան: