«Անգարա Պայմանական Ինքնավարութեան Համաձայն Գտնուեցաւ» Կ՛ըսէ Մասլիմ

Սալեհ Մասլիմ

Սուրիոյ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մասլիմ, որ անցեալ շաբաթ անակնկալ կերպով Անգարա այցելած էր, «Թի24» կայքէջին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ թուրք «պաշտօնատարներ ինծի ըսին, որ Թուրքիա պիտի ճանչնայ Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավարութիւնը, եթէ Քրտական բարձրագոյն խորհուրդը սուրիական Ազգային համաձայնական մարմինին հետ համախոհութիւն գոյացնէ»:

«Թուտէյզ Զաման» հաղորդեց, որ Մասլիմ, որ անցեալ հինգշաբթի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրաւէրով Պոլիս այցելած էր, ոչ միայն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ հանդիպում ունեցած է, այլ նաեւ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտանի հետ:

Թուրքիա Մասլիմի յայտնած է, որ պէտք չէ կատարուած իրողութիւն մը ստեղծել` աւելցնելով, որ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ քրտական շրջաններու ինքնավարութիւնը պիտի ճանչնայ, եթէ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը այդ քայլին համամիտ գտնուի:

Մասլիմի նաեւ այն պատգամը փոխանցուած է, որ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը Թուրքիոյ սահմանային ապահովութիւնը խախտող գործունէութեանց մասնակից պէտք չէ ըլլայ:

«Թի24»-ին հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին քրտական կուսակցութեան ղեկավարը հաստատեց, որ թուրք պաշտօնատարներուն հետ շատ դրական հանդիպումներ ունեցած է: «Այս հանդիպումով (Պոլսոյ մէջ) կրնանք ըսել, որ (Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց մէջ) նոր էջ մը բացուած է: Թուրքիոյ հետ վստահութեան տագնապ գոյութիւն չունի», նշեց Մասլիմ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )