«Թուրքիա Կը Պատրաստուի Հետագային Եւս Մուրսին Պաշտպանելու» Յայտարարած Է Պաղըշ

Էկեմեն Պաղըշ

«Արմենփրես»` վկայակոչելով «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, հաղորդեց, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար եւ գլխաւոր բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ յայտարարած է, որ Թուրքիա կը պատրաստուի հետագային եւս Եգիպտոսի պաշտօնանկ եղած նախագահ Մոհամետ Մուրսին պաշտպանելու:

«70 տարուան վարչակարգէն ետք, նախագահ Մուրսին ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած միակ նախագահն է: Զայն պաշտօնանկ ընելը կը նշանակէ, որ կան ուժեր, որոնք կ՛ուզեն խոչընդոտել Եգիպտոսի մէջ ժողովրդավարական կարգերու հաստատումը», յայտարարած է Պաղըշ` նշելով, որ այդ նոյն ուժերը նման դիպաշարի կրկնութիւնը կ՛ուզէին տեսնել նաեւ Թուրքիոյ մէջ, ինչ որ սակայն չյաջողեցան ընել:

Միւս կողմէ, «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքած է այն լուրերը, թէ եգիպտական կողմը միակողմանի կերպով չեղեալ յայտարարած է Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար մուտքի արտօնագիրի դիւրացման համաձայնագիրը:

Նախապէս Գահիրէի մէջ Թուրքիոյ դեսպանութիւնը յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար նախատեսուած մուտքի արտօնագիրներու դիւրացման համաձայնագիրը Եգիպտոսի կողմէ միակողմանի կերպով չեղեալ յայտարարուած է:

Թուրքիոյ` Եգիպտոս այցելել ուզող քաղաքացիները, իրենց անցագիրներուն մէջ չունենալով համապատասխան արտօնագիր, չեն կրցած օդանաւ նստիլ:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութենէն պատասխանատու աղբիւրներ եգիպտական «Մասրի Եոմ» օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին հերքեցին թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հաղորդած այն լուրը, թէ եգիպտական իշխանութիւնները թուրքերուն սահմանային անցքի կէտերուն վրայ Եգիպտոս մուտքի արտօնագիր տալու դրութիւնը միակողմանի կերպով դադրեցուցած են:

Միւս կողմէ, Գահիրէի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հիւսէյն Աւնի Պոթսալը հերքեց այն լուրը, թէ եգիպտական իշխանութիւնները մերժած են Սոմալիի մայրաքաղաք Մոկատիշուի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան ականահարումին պատճառով վիրաւորուած թուրք զինուորները փոխադրող թրքական օդանաւին եգիպտական օդային տարածքին մէջ թռիչք կատարել` նշելով, որ ընդհակառակն` եգիպտական իշխանութիւնները դիմումի ներկայացումէն նուազ քան մէկ ժամ ետք դրական պատասխան տուած են, ինչ որ միջազգային նման գործառնութեանց համար կարճ ժամանակ կը նկատուի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )