«Նախկին Վարչակարգը Եգիպտացի Ժողովուրդին Պահանջներն Ու Ձգտումները Չիրականացուց» Ըսած Է Էշթըն

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պատր Ապտելաթի յայտնեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Նեպիլ Ֆահմի հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթընի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Ֆահմի Էշթընի ներկայացուցած է Եգիպտոսի ներքին զարգացումները` շեշտելով ազգային հաշտութեան, ինչպէս նաեւ եգիպտական տագնապի լուծման ճամբու քարտէսի գործադրութեան համար ընթացող ժողովրդավարական հոլովոյթին բոլոր ուժերուն մասնակցութեան կարեւորութիւնը: Ան մասնաւորաբար շեշտած է բռնարարքները մերժելու եւ գրգռիչ արարքները դադրեցնելու խիստ կարեւորութիւնը:

Էշթըն իր կարգին շեշտած է, որ «նախկին վարչակարգը եգիպտացի ժողովուրդին պահանջներն ու ձգտումները չիրականացուց»: Ան նշած է, որ բոլոր կողմերը ինքնազսպումի պէտք է դիմեն եւ հեռու մնան բռնարարքներէ` աւելցնելով, որ քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է մասնակցին ժողովրդավարական հոլովոյթին եւ անոնցմէ ոչ մէկը պէտք է մեկուսացուի:

Էշթըն հանդիպումէն ետք մերժած է յայտարարութիւն կատարել:

Նշենք, որ հանդիպումին ընթացքին Էշթըն նաեւ քննարկած է Եթովպիոյ կողմէ Նեղոս գետին վրայ կառուցուելիք Նահտա ամբարտակին հարցը:

Ֆահմի նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանին հետ: Զրոյցին ընթացքին քննարկուած են հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող շրջանային հարցերը, ներառեալ` պաղեստինեան դատի եւ սուրիական տագնապի զարգացումները,  ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Երկու երկիրներու դիւանագիտութեանց պետերը համաձայնած են բոլոր մարզերուն մէջ ամրապնդելու եւ յառաջ մղելու երկու երկիրներուն ու ժողովուրդներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւնները:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն խոր մտահոգութիւն յայտնած է Եգիպտոսի մէջ փոխանցման հանգրուանի ընթացքին նկատմամբ` անգամ մը եւս դատապարտելով բռնարարքներու մագլցումը, որ պատճառ դարձաւ հարիւրաւոր զոհերու:

Քի Մուն կիրակի օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Եգիպտոսի փոխնախագահ Մոհամետ Պարատէյիի հետ ու եգիպտական իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է ցոյցերուն խաղաղութիւնը ապահովելու եւ բոլոր եգիպտացիները պաշտպանելու իրենց պատասխանատուութեան տէր կանգնելու:

Ան կոչ ուղղած է յառաջ ընթանալու համար քաղաքական համապարփակ ու խաղաղ հոլովոյթի մը ձեռնարկելու»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )