Ռուսիա Ճափոնի Առաջարկած Է Միասնաբար Զարգացնել Քուրիլեան Կղզիները

«ՌԻԱ-Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ճափոնական «Քիոթօ» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Ռուսիա, Քուրիլեան կղզիներու պատկանելիութեան հարցի լուծման իբրեւ տարբերակ, Ճափոնի առաջարկած է միասնաբար զարգացնել Հարաւային Քուրիլեան կղզիները` ռուսական օրէնսդրութեան հիմամբ:

Ճափոնական լրատու գործակալութիւնը այս տեղեկութիւնը ստացած է դիւանագիտական աղբիւրներէ:

Ըստ գործակալութեան տուեալներուն, միացեալ զարգացման այս ծրագիրը առաջարկած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Իկոր Մորկուլով` 20 յունիսին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ճափոնական արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մացույամա Մասաճիի հետ հանդիպման ժամանակ:

Ըստ գործակալութեան զրուցակիցին, Ճափոն մերժած է առաջարկը, որովհետեւ այդ ձեւով երկիրը փաստացի կերպով պէտք է ճանչնայ Ռուսիոյ իշխանութիւնը կղզիներուն նկատմամբ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )