Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ օրուան առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ուրբաթ օր պատկերասփռուած ճառ մը պիտի արտասանէ իֆթարի մը ընթացքին:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի մերժեց զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը` մինչեւ նոր հրամանատարի մը նշանակումը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը լիբանանեան ազգային հարցերուն նկատմամբ դաւադիր է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կառչած կը մնայ խորհրդարանի արտակարգ նիստ մը հրաւիրելու կարեւորութեան: Ան աւելցուց, որ Հըզպալլայի կողմէ Սուրիոյ տագնապին միջամուխ դառնալու քայլը լիբանանեան ներքին հարցերը ուղղակիօրէն առնչած է շրջանային թղթածրարին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ Հըզպալլայի դէմ տրուած որոշումը ամերիկեան ճնշումներու ենթարկուելու հետեւանք է:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ եւ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալաէտտին Թըրրօ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հետ երկխօսութիւն կատարելու` կանխարգիլելու համար երկրին մէջ պատահելիք հաւանական սադրանքները:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ պէտք է Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ չէզոք կեցուածք որդեգրել եւ միջամտութիւններուն վերջ տալ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց  հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ իսրայէլեան օդուժը խախտած է Լիբանանի գերիշխանութիւնը` խզելով Լիբանանի օդային սահմանները եւ կեղծ յարձակումներ գործելով լիբանանեան զանազան շրջաններուն վերեւ:

ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատուներէն Խալիլ Համտան յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան տուած որոշումը շարունակութիւնն է ՄԱԿ-ի թիւ 1559 բանաձեւին, որուն նպատակն է շրջափակել Դիմադրութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ հրաժարեալ կառավարութեան ներկայութեան խորհրդարանի լիագումար նիստը հակաօրինական է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ սահմանադրական վարչակարգին գոյատեւումը լուրջ վտանգի ենթակայ է:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանքին կողմէ Սահմանադրական խորհուրդին մօտ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը վիճարկելու քայլը պէտք չէ մեկնաբանել իբրեւ բանակի հրամանատարին հեղինակազրկումը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի յատուկ աղբիւրներ նշած են, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու պատկերացումը տեղին չէ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )