Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Սարակները Դարձեալ Բողոքի Խաղաղ Նստացոյց Մը Կատարեցին
Ելեկտրական ընկերութեան սարակները երէկ բողոքի խաղաղ նստացոյց մը կատարեցին` պահանջելով զիրենք հաստատել իրենց աշխատանքին մէջ:
Սարակներու խորհուրդի նախագահ Լուպնան Մախխուլ կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ եթէ երեսփոխաններուն հետ գոյացած համաձայնութիւնները չգործադրուին եւ խորհրդարանը իրենց պահանջները չվաւերացնէ, ապա իրենք պիտի վերադառնան մագլցողական քայլերու որդեգրման:
Միւս կողմէ, սարակները յայտնեցին, որ իրենց պահանջները իրենք պիտի ներկայացնեն պետական անձնաւորութիւններուն, որոնց հետ պիտի սկսին հանդիպումներու շարքի մը:
Այս շրջագիծին մէջ, սարակներու մէկ պատուիրակութիւնը երէկ այցելեց երեսփոխան Մոհամետ Քապպանիի, որ դրուատեց սարակներուն գործադրած բողոքի խաղաղ ցոյցը եւ պահանջեց օրէնքին գործադրութիւնը` առանց այս թղթածրարը քաղաքականացնելու:
CATEGORIES Լիբանանեան