Միքաթի Ընդունեց Մախզումին

Մախզումի եւ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Մախզումի Ռամատանի առիթով շնորհաւորեց Միքաթին, ինչպէս նաեւ անոր հետ քննարկեց Տար Ֆաթուային վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Մախզումիի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ անհրաժեշտ է ընդառաջել հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ ուղղուած Ազգային երկխօսութեան հրաւէրին, ինչպէս նաեւ յանձնառու մնալ «Պաապտայի յայտարարութեան»:

Share this Article
CATEGORIES