Հիւսէյն Հաժ Հասան – Էխհորեսթ Հանդիպում

Էխհորեսթ եւ Հաժ Հասան

Երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Հիւսէյն Հաժ Հասան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան կողմէ Հըզպալլայի զինուորական թեւը  ահաբեկչական կազմակերպութիւններու շարքին դասելու որոշումը:

Նշենք, որ այս հանդիպումը կը յաջորդէ նախորդ շաբթուան ընթացքին Հըզպալլայի միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուիի եւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆընէյշի հետ Էխհորեսթի ունեցած հանդիպումներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )