Սինիորա Կիւլի, Էրտողանի Եւ Տաւութօղլուի Հետ Կը Քննարկէ Սուրիոյ Եւ Եգիպտոսի Իրավիճակը

Սինիորա – Տաւութօղլու հանդիպումէն պահ մը

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ առաւօտեան Պոլսոյ մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

Քննարկուեցան արաբական իրադարձութիւնները, յատկապէս Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակն ու զարգացումները եւ այդ շրջագիծին մէջ Թուրքիոյ ունենալիք դերակատարութիւնը:

Կէսօրին Սինիորա հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի հետ, ապա հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ:

Քննարկուեցան Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի տագնապներուն հաւանական լուծումներ գտնելու հեռանկարները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )