ԷՍՔՈՒԱ-ի Մէջ. «Հնգամեայ Ծրագիրին Նպատակն Է Բանակին Ընձեռել Իր Հողը Եւ Ժողովուրդը Պաշտպանելու, Ինչպէս Նաեւ Երկրին Կայունութիւնը Երաշխաւորելու Կարողութիւնը» Շեշտեց Զօր. Քահուաժի
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հրաւէրով, ԷՍՔՈՒԱ-ի մէջ գումարուեցաւ նիստ մը, որուն մասնակցեցան լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի եւ
հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա, ինչպէս նաեւ բանակի զինումը ֆինանսաւորող երկիրներու դեսպաններ, սպաներ եւ բանակի զինումին պատասխանատու անձնաւորութիւններ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ լիբանանեան բանակը զինելու եւ անոր կարողութիւնները բարելաւելու հնգամեայ ծրագիրը:
Հանդիպումին խօսք առաւ Փլամպլի, որ շեշտեց ՄԱԿ-ի զօրակցութիւնը` բանակին անմիջական կարիքները հոգալու:
Իր կարգին, զօր. Սերրա բարձր գնահատեց բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղած է պահել հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ ամրապնդել բանակին ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն զինուորական կարողութիւնները:
Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ բանակի զինման հնգամեայ ծրագիրին նպատակն է բանակին ընձեռել իր հողը եւ ժողովուրդը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ երկրին կայունութիւնը երաշխաւորելու եւ զայն ահաբեկչութեան վտանգներէն հեռու պահելու կարողութիւնը:
Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ այս ծրագիրին գործադրութեան նպատակն է Լիբանանի ապահովական անվտանգութեան պահպանումին ընդմէջէն պահպանել նաեւ շրջանային եւ միջազգային կայունութիւնը: «Բոլորին համար ծանօթ են այն զոհողութիւնները, որոնք իրագործուած են բանակին կողմէ` պայքարելու համար ահաբեկչութեան դէմ: Իսկ այս բանակը օր մը օրանց մէկուն դէմ յարձակում գործելու ընթացքին մէջ չէ եղած, այլ` իր երկիրը բռնագրաւումի եւ բռնարարքներու դէմ պաշտպանելու առաքելութեան մէջ», եզրափակեց զօր. Քահուաժի: