Խորհրդարանի Լիագումար Նիստը Յետաձգուեցաւ 20 Եւ 21 Օգոստոսին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի լիագումար նիստը յետաձգեց յառաջիկայ 20 եւ 21 օգոստոսին, այլ խօսքով` Ֆըթրի եւ Ս. Աստուածածնայ տօներէն ետք, պահպանելով նիստին համար նախատեսուած նոյն օրակարգը, որ կը բաղկանայ 45 կէտերէ:

Լիագումար նիստը յետաձգուեցաւ երեսփոխաններու բաւարար թիւի չգոյութեան պատճառով:

Պըրրի ընդվզում յայտնեց խորհրդարանի լիագումարը մնայուն կերպով յետաձգելու երեւոյթին առնչութեամբ եւ ընդգծեց, որ ինք ոչ ոքի կ՛արտօնէ խորհրդարանին դերակատարութիւնը ճշդել:

Միւս կողմէ, լիբանանեան տարբեր օրաթերթերու հետ իր ունեցած հարցազրոյցներուն մէջ Պըրրի յայտնեց, որ այնքան ատեն որ ոմանք իրեն նկատմամբ վստահութիւնը կորսնցուցած են, ինք ձեռնածալ պիտի մնայ:

Պըրրի Ընդունեց Պէյրութի Եւ Հիւսիսային
Լիբանանի Իրաւաբաններու
Սենտիքաներուն Նախագահները

Սուրիոյ դեսպանը եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահը երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Պէյրութի եւ հիւսիսային Լիբանանի իրաւաբաններու սենտիքաներուն նախագահները` Նուհատ Ժապըրն ու Միշել Խուրին, որոնց հետ քննարկեց սենտիքաներուն վերաբերող թղթածրարներ:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ զարգացումներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւնները եւ շրջանին մէջ տիրող ապահովական իրավիճակը:

Ալի շեշտեց, որ Պըրրի յանձնառու է, որ Լիբանան չենթարկուի իր դէմ նիւթուող դաւադրութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիան դուրս գայ իր տագնապէն, որուն մասնակից դարձած են աշխարհի բոլոր չար ուժերը:

«Այն ուժերը, որոնք շրջանին անվտանգութիւնը կը խաթարեն եւ կը ջանան Սուրիան տկարացնել ու քանդել, հասած են յուսալքումի հանգրուանի մը, որուն ընթացքին անոնք կը ջանան յանգիլ քաղաքական այնպիսի համաձայնութիւններու, որոնցմէ ամէնէն աւելի քիչ տուժելով դուրս կու գան», շեշտեց Ալի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )