Նստացոյցը Կը Շարունակուի Երեւանի Քաղաքապետարանին Առջեւ

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան երէկ հրաւիրուած շաբաթական խորհրդակցութեան ժամանակ շրջանցեց արդէն չորրորդ օրը քաղաքապետարանին առջեւ շարունակուող նստացոյցի նիւթը:

Խորհրդակցութեան մասնակցած աւագանիի «Բարեւ, Երեւան» ընդդիմադիր խմբակցութեան ղեկավար Անահիտ Բախշեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց, որ իր տպաւորութեամբ` Տարօն Մարգարեան մտադիր չէ որեւէ փոխադարձ զիջում կատարել եւ ընդունիլ քաղաքացիական հասարակութեան գործիչներու պահանջները:

«Բացարձակօրէն չխօսուեցաւ այն մասին, թէ ինչ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ նախորդ շաբթուան ընթացքին, ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ, ինչո՞ւ այսպէս եղաւ, ովքե՞ր էին պատասխանատուները… որեւէ մտահոգութիւն ես չզգացի, չտեսայ, ամէն մարդ իր տեղն էր: Յամենայն դէպս, բարձր տրամադրութիւն էր, որ «ինչ կ՛ուզէք ըրէք, մենք պինդ ու ապահով մեր տեղն ենք, անկախ անկէ, երեւանցի, դուն ապահո՞վ ես, թէ՞ չէ, ես ապահով եմ իմ տեղս», ըսաւ Բախշեան:

Փոխարէնը Երեւանի քաղաքապետը երէկ յանձնարարական տուաւ քայլերու ձեռնարկելու շահագրգիռ բոլոր կողմերէն ներկայացուցիչներ ներգրաւելու նոր ձեւաւորուելիք յանձնախումբին մէջ, որ պէտք է քննարկէ փոխադրամիջոցի սակագինը վերանայելու իր որոշումը:

Մինչդեռ, քաղաքապետարանին առջեւ բողոքի ցոյցը շարունակող գործիչները մտադիր չեն մասնակցիլ այս յանձնախումբի աշխատանքներուն: «Չենք վճարելու 150 դրամ» նախաձեռնութեան անդամ Վահագն Մինասեան ընդգծեց, որ բարեփոխումներու մասին խօսելէն առաջ Տարօն Մարգարեան նախ պէտք է պաշտօնանկ ընէ փոխադրամիջոցներու վարչութեան պետ Հենրիկ Նաւասարդեանը եւ «Երեւանթրանս» ընկերութեան ղեկավար Միսաք Համբարձումեանը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )