«Մինչեւ Ծովէ Ծով Հայաստան Ունենալը, Իրատեսական Է Գետէ Գետ Ղարաբաղը» Կ՛ըսէ Արթուր Աղաբեկեան
Արցախի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան հպարտութիւն յայտնեց, որ 2012-էն ի վեր Արցախէն Հայաստան արտահանուած է 20 000 թոն ցորեն, իսկ այս տարի արտահանուած եգիպտացորենի քանակի մասին որեւէ տուեալ տակաւին չկայ, բայց շատ է:
«Չէք պատկերացներ, թէ որքա՛ն հպարտ եմ, ի՛նչ հպարտութիւն կ՛ապրի ոեւէ արցախցի, որ կը տեսնէ բարձուած բեռնակառքերը, որոնք կ՛ուղղուին դէպի Հայաստան», 25 յունիսին Երեւանէն Ստեփանակերտ ժամանած փոքրաթիւ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ, ՀՅԴ-ի Արցախի կառոյցի անդամ Արթուր Աղաբեկեան:
Արթուր Աղաբեկեան ներկայացուց, որ այդ «բեռնակառքերուն» թիւը կրկնապատկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնները որոշած են մշակել Արաքսի ափի հողերը, որոնց ընդամէնը 5-10 առ հարիւրը կ՛օգտագործուի:
Ըստ Աղաբեկեանի այս ծրագիրը իրականացնելու համար, սուղ պիւտճէի պարագային 27 քմ հոսանքի գիծ դրուած է, շուտով խմելու ջուր ապահովելու համար ջրհորներ պիտի տեղադրուին, իսկ 45 ընտանիքի համար ալ կացարաններ կառուցուած են:
Արցախի փոխվարչապետը յայտնեց, որ արդէն ծրագիրին արձագանգող կազմակերպութիւն կայ, որ Եղուարդի մէջ գործող «Բերրիութիւն» կազմակերպութիւնն է: Աղաբեկեան նաեւ նշեց Աքարա գետը, որուն ափամերձ հողերը եւս մշակելու կարիք ունին:
Դաշնակցական գործիչին համար մինչեւ «ծովէ ծով» Հայաստան իրագործելը, իրատեսական է գետէ գետ Ղարաբաղ ունենալը:
«Այսօր եկէք գոհանանք գետէն գետով` Արաքսէն մինչեւ Թարթառ գետը: Սիրելիներս, մէկ միլիոն, երկու միլիոն բնակիչ կերակրելու կարելիութիւն ունեցող տարածքի մէջ կ՛ապրին ընդամէնը 140 000 բնակիչներ: Պատկերացուցէք, թէ ի՛նչ ճոխութիւն է մեզի համար: Անթոյլատրելի է: Հիմա նայեցէ՛ք` մենք Հատրութէն մինչեւ Արաքս 70 քմ-էն աւելի տարածք կ՛անցնինք եւ այդ ամբողջ ճամբան բերրի հողեր, աղբիւրներ եւ տարածք, տարածք, տարածք: Ի վերջոյ, տասնեակ քմ առաջնագիծ, մարտական հերթապահութիւն, մարտական առաջադրանքի կատարում մեր զինուորներուն կողմէ, իսկ թիկունքին 150 քմ խորութեամբ անմարդաբնակ տարածքներ», այսպէս իր մտահոգութիւնները ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետը: