Վաչէ Ծատուրեան Կը Ստանայ Մարզական Կազմակերպութիւններու Վարչագիտական Մագիստրոսի Վկայական
Ամէն տարի, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն կը կազմակերպէ մարզական կազմակերպութիւններու վարչագիտութեան համալսարանական դասընթացքներ, որոնց կը մասնակցին համաշխարհային մարզական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, միջազգային համբաւ ունեցող մարզական միութիւններ, ողիմպիական կոմիտէներու ներկայացուցիչներ եւ համալսարանականներ:
Անցնող 2012-2013 տարեշրջանին ֆրանսերէնով դասաւանդուող տարբերակին, բոլոր ֆրանսախօս երկիրներէն մասնակցեցան 19 ներկայացուցիչներ, իսկ Լիբանանէն մասնակցեցաւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեան:
Չորս խտացուած դասընթացքներու ընդմէջէն, որոնք տեղի ունեցան Պելճիքայի, Մարոքի, Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ մէջ, մասնակիցները մօտէն ծանօթացան Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի աշխատանքներուն եւ տարբեր համալսարաններու դասախօսներու հսկողութեամբ սորվեցան նիւթեր եւ գիտելիքներ` ռազմավարութեան եւ ղեկավարման վարչագիտութեան, հաղորդակցութեան կարեւորութեան, մարզական կազմակերպութիւններու առեւտրականութեան, ելեւմտական եւ տնտեսական վարչագիտութեան, մարդուժի եւ միջազգային մարզական մեծ իրադարձութիւններու կազմակերպութեան մասին: Մասնակիցները նաեւ իւրաքանչիւր դասընթացքին ներկայացուցին անհատական եւ խմբային աշխատանքներ ու գրաւոր քննութիւններ:
Չորս դասընթացքներէն ետք, բոլոր մասնակիցները Լոզանի (Զուիցերիա) Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի կեդրոնատեղիին «Փիեռ տը Քուպերթեն» հռչակաւոր սրահին մէջ հրապարակաւ ներկայացուցին իրենց նիւթերը եւ արժանացան դասախօսներու գնահատանքին ու վկայագիրին: Յառաջիկայ սեպտեմբերին պաշտօնական վկայականները պիտի տրուին Պելճիքայի Լուվեն կաթողիկէ համալսարանէն:
Նշենք, որ Վաչէ Ծատուրեանի ներկայացուցած նիւթը կը վերաբերի «տաղանդաւոր մարզիկներու յայտնաբերման»:
Վերջապէս, Վաչէ Ծատուրեան կը հանդիսանայ ոչ միայն առաջին լիբանանահայը, այլեւ առաջին հայը, որ կը տիրանայ վերոյիշեալ հռչակաւոր վկայականին եւ կը միանայ 1994-էն ի վեր MEMOS-ի (master executif management des organisations sportives) վկայականին տիրացած աւելի քան 450 վկայեալներու փաղանգին: