Ապիտալ Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Ալվեսին
Պարսելոնայի ֆրանսացի նախկին մարզիկ Էրիք Ապիտալ, որ Պարսելոնան լքելով միացաւ Մոնաքոյի, շնորհակալութիւն յայտնեց Տանիել Ալվեսին:
Յիշեցնենք, որ Տանիել Ալվես, ի յարգանս Էրիք Ապիտալի, յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի կրէ թիւ 22 շապիկը, որ նախապէս կը պատկանէր Ապիտալի:
Ալվեսի այս քայլին համար Ապիտալ «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր պաշտօնական էջին վրայ շնորհակալութիւն յայտնեց Ալվեսին ըսելով. «Տանի, շնորհակալութիւն այս քայլիդ համար: Դուն աւելին ես, քան պարզ ընկեր մը: Յաջողութիւն կը մաղթեմ քեզի նոր մարզաշապիկով»:
CATEGORIES Մարզական