Ուսէյն Պոլթ. «Ես Անմեղ Եմ»

Ուսէյն Պոլթ

Աթլեթիզմի համաշխարհային գերաստղ, աշխարհի թիւ մէկ վազող եւ ողիմպիական խաղերու վեց ոսկի մետալներու տիրացած Ուսէյն Պոլթ իր մրցակիցներուն` Ասաֆա Փաուլի եւ Թայսըն Կէյի իրավիճակը:

Յիշեցնենք, որ այս մարզիկները ամբաստանուած  են արգիլուած դեղորայքի գործածութեան յանցանքով:

Ան ըսաւ թէ, այս լուրը իրենց համար սարսափելի էր եւ ինք յոյսով է, որ իրենց հետ կապուած ամէն բան կը պարզաբանուի:

Սակայն իրեն վերաբերեալ յառաջացած կասկածներուն մասին ան ըսաւ, թէ ինք անմեղ է այս հարցով` աւելցնելով, որ երկու օր առաջ յաջող «տոփինկ թեսթ» մը անցուցած է:

Ան իր խօսքի աւարտին ըսաւ, որ այնքան բամբասանքներ կը լսէ իր դէմ ուղղուած, որ ինք արդէն վարժուած է եւ իրեն համար այս լուրերը շատ հասարակ նիւթեր կը նկատուին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )