Ոչ Եւս Է Էքուատորի 27-ամեայ Յառաջապահը
Անգլիական «Միրըր» օրաթերթը հաղորդեց, որ երէկ` 29 յուլիսին մահաց Էքուատորի ազգային խումբի 27-ամեայ յառաջապահ Քրիսթիան «Չուչօ» Պենիթեզը:
Մահուան պատճառը յստակ չէ, սակայն կը խօսուէր, թէ ան առողջական խնդիրներ ունէր վերջին շրջանին: Նաեւ կ՛ըսուի, թէ ինքնաշարժի արկածի պատճառով մահացած է:
Ան նոր միացած էր Քաթարի «Ժէյշ» ակումբին եւ իր առաջին խաղը խաղացած էր մահանալէն մէկ օր առաջ:
Քաթարական ակումբն ու իր բոլոր ծանօթներն ու բարեկամները գուժեցին խաղացողին մահը:
Յիշենք նաեւ, որ ան Էքուատորի հաւաքականին շապիկը կրած է 58 անգամ:
CATEGORIES Մարզական