Մոյես. «Մուրինիոյի Նկատմամբ Թշնամանք Չունիմ»
Մանչեսթըր Եունայթըտի նոր մարզիչ Տէյվիտ Մոյես յայտարարեց, որ ինք լարուած յարաբերութիւններու մէջ չէ Չելսիի մարզիչ Մուրինիոյի հետ, ինչպէս կը պնդեն լրատուական միջոցները:
Մոյես ըսաւ, թէ ինք հիացած է Մուրինիոյի ձեռք ձգած արդիւնքներով, մանաւանդ անգլիական ախոյեանութեան մէջ:
Երբ Մուրինիոն լքեց Չելսին, ան նոյնիսկ հաղորդագրութիւն մը ուղարկած է` մաղթելով Մուրինիոյին ապագայի յաջողութիւններ:
Ան շեշտեց, որ իրենց միջեւ երբեք թշնամանք չկայ, բայց ըսաւ, որ երբ երկու խումբերը հանդիպին, բնական է, որ ինք պիտի ուզէր յաղթել Մուրինիոյին:
CATEGORIES Մարզական


