«Կոլտ Քափ». Միացեալ Նահանգներ Ախոյեան Եւ Տոնովան Լաւագոյն Խաղացող
28 յուլիսի կէս գիշերին տեղի ունեցած «Կոլտ Քափ»-ի աւարտական մրցումին յաղթական դուրս եկան Միացեալ Նահանգներ: Միացեալ Նահանգներ նուազագոյն արդիւնքով (1-0) յաղթեցին Փանամայի եւ դարձան «Կոլտ Քափ 2013»-ի ախոյեան:
Միացեալ Նահանգներու յառաջապահ Լանտըն Տոնովան ընտրուեցաւ այս մրցաշարքին լաւագոյն խաղացողը: Ան Միացեալ Նահանգեներու նշանակած 20 կոլերէն 12-ին մէջ ունեցաւ իր ներդրումը` նշանակելով 5 կոլ եւ տալով 7 կոլի փոխանցում:
CATEGORIES Մարզական