Ֆելիքս Մակաթ. «Այլեւս Չեմ Ուզեր Աշխատիլ Իբրեւ Մարզիչ»

Ֆելիքս Մակաթ

60-ամեայ գերմանացի յայտնի մարզիչ Ֆելիքս Մակաթ, որ գերմանական Պայերն Միւնիխի հետ երկու «Պունտըսլիկա»-ի բաժակ եւ Վոլֆսպուրկի պատմութեան մէջ առաջին «Պունտըսլիկա»-ի տիտղոսը նուաճած է, չի մտածեր վերադառնալ մարզիչի ասպարէզ:

Ան ըսաւ, թէ երբեք չի մտածեր նորէն վերադառնալ այդ պաշտօնին, որովհետեւ իր կեանքէն երկար ժամանակ նուիրեց այս գործին համար եւ բաժնուեցաւ իր ընտանիքէն: Ան այս յայտարարութիւնը ըրաւ «Համպուրկեր Ապենտպլաթ»-ի հետ կատարած իր հարցազրոյցի ընթացքին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )