ԵՒՐՕ – 2012. ԱՅՍՕՐ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՆ ԶՏՈՒՄԻ 11 ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ
Եւրօ – 2012-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 3 յունիսին տեղի կ՛ունենան 11 մրցումներ` տարբեր խմբակներու մէջ, վաղուան յայտագիրին վրայ են 9 ճակատումներ:
Ա. խմբակին մաս կազմող Գերմանիա, որ ցարդ իր կատարած հինգ մրցումներուն բոլորին ալ յաղթանակ արձանագրած է, իր ամէն կարելին պիտի ընէ յաղթական վերադառնալու Աւստրիայէն եւ ապահովելու մրցաշարքի իր 18 կէտը:
Դ. խմբակին մաս կազմող Ֆրանսա, որ այսօր Մինսքի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Պիելոռուսիոյ, պիտի փորձէ երթին անկէ կրած իր պարտութեան վրէժը լուծել:
Իր կարգին, վրէժ մը ունի լուծելիք նաեւ Փորթուգալ (սակայն վաղը), երբ իր դաշտին վրայ հիւրընկալէ Նորվեկիան, որմէ 1 – 0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց երթին` Օսլոյի մէջ:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը վաղը հիւրը պիտի ըլլայ Ռուսիոյ: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 18:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Հայրենի կազմին վերջին պատրաստութիւններուն կ՛անդրադառնանք վաղուան մեր թիւով:
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
Ա. ԽՄԲԱԿ Ժամ
Ղազախստան – Ազրպէյճան 16:00
Աւստրիա – Գերմանիա 21:35
Պելճիքա – Թուրքիա 21:45
Գ. ԽՄԲԱԿ
Ֆարօ կղզիներ – Սլովենիա 20:30
Իտալիա – Էսթոնիա 21:45
Դ. ԽՄԲԱԿ
Ռումանիա – Պոսնիա 21:00
Պիելոռուսիա – Ֆրանսա 21:50
Ե. ԽՄԲԱԿ
Մոլտաւիա – Շուէտ 21:30
Սան Մարինօ – Ֆինլանտա 21:30
Զ. ԽՄԲԱԿ
Խրուաթիա – Վրաստան 21:00
Թ. ԽՄԲԱԿ
Լիխթնշթայն – Լիթվանիա 20:30