Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. ԱՅՍՕՐ ՊԱԹՐՈՒՆԷՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆԸ ԿԸ ՏՐՈՒԻ ԱՐԶԻ 20-ՐԴ ՌԵԼԻԻՆ
Արզի 20-րդ ռելիին ազդանշանը կը տրուի այսօր` ուրբաթ, 3 յունիսի երեկոյեան ժամը 20:45-ին, Պաթրունի հրապարակէն, յայտնեցին երէկ, կազմակերպիչ յանձնախումբին` Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի պատասխանատուները:
Նշենք, որ երէկ Քարանթինայի շրջանին մէջ գտնուող «Պազըրճի» ընկերութեան մէջ այս ռելիին մասնակցող 26 ինքնաշարժները քննութեան ենթարկուեցան կազմակերպիչ յանձնախումբին թեքնիք պատասխանատուներուն կողմէ:
Այս ռելիին մասնակցողները, առաջին օրուան յայտագիրը իրագործելէ ետք, մինչեւ վաղը` շաբաթ, 4 յունիսի ժամը 13:30-ը հանգիստ պիտի ընեն, ապա պիտի շարունակեն ռելին: Անոր մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը` գիշերուան ժամը 11:00-ին, Արզի մէջ գտնուող «Սետրիւս» պանդոկին դիմաց, ուրկէ սկսած էին այսօրուան մրցումները:
Կազմակերպիչները փափաք յայտնեցին, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող այս ռելիին հանդիսատեսները ըլլան շատ` նկատի ունենալով, որ այս տարի ինքնաշարժներուն մասնակցութիւնը մեծաթիւ է:
Նշենք, որ այս ռելին Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան այս տարեշրջանի երկրորդ հանգրուանի մրցումն է: