Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պիտի ունենաք արտաքին տպաւորիչ տեսք եւ ներքին հոգեկան զօրաւոր ներգործութիւն: Պիտի տպաւորէք ձեր շուրջինները: Օրը յաջող է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հանգիստի պէտք ունիք: Արձակուրդ տուէք այս շաբաթավերջին դուք ձեզի, որպէսզի կազդուրուիք յառաջիկայ օրերուն ձեր աշխատանքը լաւ կատարելու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պիտի ունենաք բարձր տրամադրութիւն` բարեկամներու միջեւ: Անոնց ներկայութեան պիտի արտայայտէք ձեր սրամտութիւնը` ուրախ տրամադրութեամբ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ոեւէ մէկը քննադատութիւն մը կատարէ առաջին անգամ ըլլալով, մի՛ ազդուիք, որովհետեւ եղածը չարամտութիւն չէ, այլ` բարեկամական ուշադրութիւն ձեր օգտին:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընթերցանութիւնը ձեզի ուժ պիտի տայ նորութիւններ ունենալու: Այս տրամադրութիւնը երկար ատեն պիտի ընկերանայ ձեզի` իբրեւ զարգացնող ներկայութիւն, օգտակար եւ շինիչ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ արձակուրդի մէջ էք, մի՛ մտածէք գալիք օրերու աշխատանքին մասին: Ապրեցէք ձեր օրը, որքան որ կրնաք, վաղուան հարցը մէկ կողմ դրած:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր անհարկի խօսքերով մի՛ նեղացնէք ձեր շուրջինները: Անոնք կրնան ինքնապաշտպանութեան դիմել` ընդդիմանալով ձեր տեսակէտին: Ուշադիր եղէք ամէն պարագայի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Օրը շատ յարմար է մարզանք ընելու: Եթէ ձեր մարմինը պէտք ունի մարզանքի, ստիպեցէք դուք ձեզի կիրարկելու: Կ՛օգտուիք անպայման:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մարզանքը կրնայ ձեզի ուղղութիւն տալ ձեր ֆիզիքականը բարելաւելու ձեւ մը որդեգրելու: Հետեւեցէք անոր թելադրանքին կանոնաւոր դրութեամբ: Շատ պիտի օգտուիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Անցեալին պատահած տխուր հարց մը պիտի յիշէք, որ պիտի խանգարէ ձեր տրամադրութիւնը: Անիմաստ է նման յիշատակներ արծարծելը: Իմաստուն եղէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ընտանեկան յարկը պիտի ուրախանայ ի տես փոքրահասակ զաւակներու մեծնալուն` մարմնով եւ մտքով: Գուրգուրացէք ձեր զաւակներուն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շաբաթավերջ է, կրնաք դուք ձեզի համար հաճելի պահեր նուիրել: Եթէ երթաք ճաշարան կամ ծովափ, օրը պիտի ըլլայ սքանչելի: Փորձեցէք հաճոյանալ:

