50 Տարի Առաջ (31 Յուլիս 1963)

Լիբանան` Մեր Երկիրը

Պիր Հասանի Կառավարական Աւանը
Արդիական Հրաշալիք Մը Պիտի Ըլլայ

Բազմահազար Գրասենեակներ, 34 Վերելակներ,
Հազար Ինքնաշարժի Համար Կառատուն,
Ելեկտրոնային Մեքենաներ

Գրած էինք, թէ հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժեմայել հինգշաբթի կատարեց հիմնարկէքը Կառավարական աւանին, որ պիտի կառուցուի Պիր Հասանի (նախկին օդակայան) շրջանին մէջ:

Այս առթիւ ճառ մը արտասանելով` Փ. Ժեմայէլ շեշտեց կարեւորութիւնը այս կենսական ձեռնարկին: Արդարեւ, Կառավարական աւանին շինութիւնը կը հանդիսանայ վիթխարի ճիգ մը` պետութեան սպասարկութիւնները օժտելու համար արդիական եւ վայել գրասենեակներով, որոնք պատշաճին վարչութեան աշխատանքի կշռոյթին:

Պիր Հասանի Կառավարական աւանը կազմուած է ութ շէնքերէ բաղկացած երկու անջատ խումբերէ, որոնք պիտի ծածկեն 100,000 քառ. մեթր տարածութեամբ շինութիւն մը` 200,000 մեթր հողի վրայ:

Ներքին, ծրագրի, տնտեսութեան եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնները, ինչպէս նաեւ ընկերային զարգացման գրասենեակը պիտի կազմեն հիւսիսի խմբակը, փոստ-հեռագրական նախարարութիւնը եւ աշխարհագրութեան եւ երկրաբնագիտութեան տնօրէնութիւնը` հարաւի խմբակը:

Կառատուն` 1000 Ինքնաշարժի Համար

Կառատուն մը` 1000 ինքնաշարժի համար,  30,000 քառ. մեթր, ընդհանուր վաճառատուներ եւ աշխատանոցներ:

Հասարակութեան հետ ուղղակի պայմանագրութիւն ունեցող սպասարկութիւնները համախմբուած են 30,000 քառ. մեթր գետնայարկի մը մէջ, ուր նախատեսուած են Լիբանանի պատմութեան տարրերով զարդարուած առկախ պարտէզներ:

Նախարարութիւններու միւս սպասարկութիւնները վերի յարկերուն մէջ են, ինչ որ թոյլ կու տայ պաշտօնեան մեկուսացնելու աղմուկէն եւ հասարակութենէն:

34 Վերելակներ

34 վերելակներ եւ ապրանք վերցնող մեքենաներ, որոնցմէ ոմանք` ելեկտրոնային, կ՛ապահովեն յարկերու կապը եւ ուսումնասիրուած են` 15 վայրկեանէն բոլոր պաշտօնեաները իրենց գրասենեակը հասցնելու համար:

Աւանը պիտի ունենայ բազմահազար գրասենեակներ, որպէսզի անոնց տարողութիւնը առանց ծախսի փոխուի, իւրաքանչիւր նախարարութեան զարգացման համընթաց:

Թարգմանական դրութեամբ օժտուած ժողովասրահներ, ունկնդրութեան վայրեր եւ մատենադարան մը` 30,000 հատորներով, դիւրութիւններ պիտի տան պաշտօնեաներուն` իրենց աշխատանքին մէջ:

Ինքնագործ Մոնթ Տոսիէներ

Բոլոր ձեւակերպութիւնները պիտի փոխանցուին ինքնագործ մոնթ-տոսիէներով:

Ամառ-ձմեռ ընդհանրացած պայմանաւորուած օդը պիտի հանդիսանայ կարեւորագոյններէն մէկը Միջին Արեւելքի մէջ: Խոնաւութեան եւ ջերմութեան հարցերը քննուած են թէ՛ վերելակներու եւ թէ՛ շէնքերու ուղղութեան ու գործածուելիք շինանիւթերու տեսակէտէն: Ու այս, որպէսզի կարելի ըլլայ լաւագոյն պայմաններու մէջ պահել արխիւները եւ ելեկտրոնային մեքենաները:

Հեռաձայնը կատարելագործուած է, որպէսզի կարելի ըլլայ խուսափիլ գիծերու վրայ կենալէն: Նախատեսուած է անձեր խնդրելու մասնաւոր մեթոտ մը, որպէսզի կարելի ըլլայ անմիջապէս գտնել որոշուած պաշտօնեան:

Վերջապէս, մեծ բծախնդրութիւն ցոյց տրուած է շինանիւթերու ընտրութեան մէջ, որպէսզի աւանին տրուի արդիական մակարդակ:

50 Մասնագէտներ, Որոնցմէ 20-ը` Ճարտարապետ

Կառավարական աւանին արծարծած բազմաթիւ խնդիրները լուծուեցան կարճ ժամանակի ընթացքին, մեծ աշխատանքներու գործադիր խորհուրդի տնօրէնութեան մղումով: 60 մասնագէտներու խումբ մը, որոնցմէ 20-ը` ճարտարապետներ, երեք ամիս գիշեր ու ցերեկ աշխատեցան պատասխանատուութեանը ներքեւ երկրաչափներ Ժաք Արաքթենժիի եւ Փիեռ Նեհմէի, որոնք այս առթիւ կազմակերպուած մրցումին մէջ առաջնութիւնը շահած էին:

Աշխատանքները պիտի աւարտին 1966-ի սկիզբը: Նախատեսուած է 11 միլիոն լ. ոսկիի վարկ մը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )