«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Թէլ Ապիատ` 1950-ական Տարիներուն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, գաղթական հայութեան կայք հաստատած առաջին բնակավայրերէն էր Թէլ Ապիատ: Գլխաւորաբար ուրֆացիներէ եւ կարմուճցիներէ բաղկացած գաղթականները մնայուն բնակութեան հիմեր դրին, եկեղեցի եւ դպրոց կառուցեցին, հողեր գնեցին եւ մեծ մասամբ երկրագործական աշխատանքի լծուեցան, մշակելով գլխաւորաբար ցորեն, գարի, ոսպ եւ բանջարեղէն: Զարգացուցին նաեւ անասնապահութիւնը, պահելով ոչխար, այծ եւ կով:

Սկզբնական շրջանին շուրջ 200 հայ ընտանիքներ կեդրոնացած էին Թէլ Ապիատի մէջ, բայց յետոյ, 1940-ական տարիներուն սկսաւ դէպի Հալէպ եւ այլ քաղաքներ գաղթը: 1950-ական տարիներուն արդէն Թէլ Ապիատի մէջ կայք հաստատած հայութեան կէսէն աւելին հեռացած էր շրջանէն, եւ աւանը մասամբ միայն պահած էր իր հայկական դիմագիծը:

***

«Ազդակ», 9 սեպտեմբեր 1953-ի թիւով եւ «Կեանքը Թէլ Ապիատի մէջ» խորագիրով թղթակցութեամբ կը գրէր.

«Անապատի բազմամղոն տարածքին վրայ, տօթակէզ արեւի առթած հեղձուցիչ մթնոլորտի ճնշումը սրտիդ, հեւ ի հեւ սուրալով երբ հասնիս Այն-Արուս, դիմացդ կը նշմարես, հազիւ մի քանի քիլոմեթր հեռուն` թրքական սահմանի գրեթէ կից, ծառերու դալար ծով մը, ուր բացի բլուրի վրայ կառուցուած զօրանոցի շէնքերէն, ուրիշ տուն չես կրնար տեսնել, կրելով այն տպաւորութիւնը, թէ կոյս անտառի մը մերձակայքը կը գտնուիս: Քանի կը յառաջանաս, այնքան այդ կանխակալ տպաւորութիւնը համոզում կը դառնայ մէջդ: Բայց երբ կը հասնիս գիւղի մուտքի կամրջակը եւ կը սուրաս ծառուղիի ընդմէջէն, հետզհետէ կազմած համոզումդ հիասթափումի անակնկալ տպաւորութիւն կը ձգէ վրադ, ծառաստանի ետին եւ բլուրի լանջն ի վար երկարած գիւղի համայնապատկերը աչքիդ առաջ պարզուելով:

Արդարեւ, երբ այս տեսարանը մտքին պաստառին վրայ նկարուած է արդէն կը կարծես թէ գիւղը կապակցութիւն չունի այդ պարտէզներուն հետ, քանի որ բնական անջատում մը կատարուած է, սակայն երբ քանի մը օրեր անցընես հոն, կը նկատես, որ կազմած համոզումդ պատրանք է միայն, որովհետեւ ամբողջ գիւղը պարտէզներու առօրեայ աշխատանքով կլանուած է:

Այս շրջաններու մէջ հիմնուած կարգ մը գիւղեր հայկական ծագում ունին: Թէլ Ապիատ անոնց մէջ գրեթէ առաջին տեղը կը գրաւէ, որովհետեւ առաջին հիմնաքարը դնողները հայեր եղած են, Թուրքիոյ կարգ մը մասերու պարպումէն յետոյ:

Թէլ Ապիատ իսկական գիւղ մըն է բառին բովանդակ իմաստով: Իր բնական տեսարանը ճիշդ Քապ Էլիասի կը նմանի, միայն պզտիկ տարբերութեամբ մը. այս վերջինը բարձր բլուրի մը վրայ կը մագլցի, մինչ Թէլ Ապիատ բլրակի մը ստորոտի երկայնքին: Քապ Էլիասի պարտէզներու պտուղներուն առատութիւնը կը գերազանցէ այս գիւղինը բայց միւս կողմէ, մանաւանդ այս վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին, արմտիքի մշակութեան կեդրոն դարձած է, ընդարձակ դաշտերու օգտագործուելէն ի վեր նոյնիսկ Գամիշլիի եւ Տէրպէսիէի շրջաններէն կարգ մը հայեր հոս փոխադրուած են իրենց բոլոր ինչքերով եւ մշակութեան բազմածախս իրեղէններով, աւելի մեծ յարմարութիւն նշմարելով այս վայրերուն մէջ, կարգ մը տրամաբանական պատճառներով.

1. Հողը աւելի արգաւանդ է, ասկէ առաջ մշակուած չըլլալուն պատճառաւ:

2. Հոս աւելի ապահով է կեանքը եւ ապրելու աւելի դիւրութիւններ կան:

3. Իբր կեդրոն ընտրած են Թէլ Ապիատը, որ հայկական գիւղ մըն է եւ որպէս ազգակից` իրենց սրտին աւելի մօտիկ է:

4. Հալէպի եւ Ռաքքայի աւելի մօտ է եւ հետեւաբար իրենց գործը աւելի կը դիւրանայ մեքենայի մը խանգարման միջոցին:

5. Հողի վարձքը աժան է, գիւղացիներն ալ կը համակերպին իրենց մեծ դիւրութիւններ ընծայելով:

6. Մշակութեան անհրաժեշտ եղող պիտոյքներու հաստատումը աւելի դիւրին եւ արագ կերպով կը կատարուի, եւ մանաւանդ ջուրն ալ առատ է ոռոգումի համար:

7. Վերջապէս, փոխադրական միջոցներու դիւրութիւնը առիթ տուած է որ աւելի մեծ թափով լծուին գործի, իրենց բերքերը արագ եւ շուտ դէպի կեդրոն հասցնելու համար:

Թէլ Ապիատի առաւօտները բանաստեղծական տեսարան մը կը պարզեն, մանաւանդ արեւը չծագած բարձրանաս տանիքի մը վրայ ու դիտես գիւղի եւ բարձրուղիղ ծառերու զմայլելի տեսարանը, մէկ կողմէ դէպի նախիր քշուող կթան կովերու բառաչիւնը, միւս կողմէ բազմամիլիոն ճնճղուկներու ճռուողիւնը, որոնք երամ երամ ծառերէն բարձրանալով կը սուրան դէպի ընդարձակածաւալ արտերը, կշտանալով վերադառնալու համար դարձեալ իրենց սիրելի ծառերուն վրայ, նաեւ բազմապիսի ու սիրուն թռչուններու դայլայլները, հոգիդ կը լիացնեն աննման ուրախութեամբ մը, ինքզինքիդ եդեմի մէջ գտնուելու պատրանքը տալով: Այս զգացումը թոյլ կու տայ քեզի կոչելու այս գիւղը «ճնճղուկներու թագաւորութիւն» մը, որը կարծես կ՛իշխէ գիւղի վրայ: Անշուշտ «չար որսորդներուն» պակասն է որ պատճառ եղած է այս թռչուններու աճման: Թէլ ապիատցիները այդ մասին մտածելու իսկ առիթ չունին, մէկ կողմէ պարտէզի գործերով եւ միւս կողմէ սրճարանային խաղերով կլանուած ըլլալով, որովհետեւ ուրիշ ոչ մէկ վայր գոյութիւն ունի զուարճանալու եւ ժամանցի համար:

Հոս 85 հայ ընտանիքներ մնացած են միայն, շատեր արդէն մեկնած են ուրիշ մեծ կեդրոններ: Ազգ. վարժարանը ունի 80 երկսեռ աշակերտ, այս թիւին 55-ը մաս կը կազմէ մանկապարտէզի բաժնին: Ուսուցչական կազմը կը բաղկանայ ուսուցիչէ եւ օրիորդէ մը: Կրթական նախարարութիւնն ալ արաբերէնի համար յատկացուցած է ուսուցիչ մը:

Գիւղէն դուրս, կամրջակի մօտիկը  կառուցուած է պետական դպրոց մը, ուր բացի տեղացի ժողովուրդի աշակերտներէ, կը յաճախեն նաեւ սուրիանիներ (որոնք դպրոց չունին) եւ հայ վարժարանի  4-րդէն ելած աշակերտները: Տեղւոյն թաղականութիւնը համաձայնած է ՀԲԸՄ-ին հետ, որ սենեակ մը եւս շինէ դպրոցին կից եւ նիւթապէս ալ օգնէ, դպրոցի մակարդակը քիչ եւս բարձրացնելու համար:

Թէլ Ապիատի միւս ազգաբնակչութիւնը կը բաղկանայ սուրիանիներէ, որոնք կիսափուլ եկեղեցի մը ունին առանց հոգեւոր հովիւի, եւ արաբ պաշտօնեաներու ընտանիքներէ, որոնք զանազան քաղաքներէ հոս գործի բերումով փոխադրուած են եւ կրնան միշտ փոփոխութեան ենթարկուիլ:

Հայ եկեղեցին ալ թափուր կը մնայ, որը պէտք ունի նորոգութեան եւ եկեղեցական նոր սպասներու: Արաբ Բունարի քահանան պարբերաբար կ՛այցելէ հոգեւոր մխիթարութիւն տալու համար:

ՀՄԸՄ-ը ունի երկրորդական կարգի ֆութպոլի խումբ մը, իսկ սկաուտութիւնը անկազմակերպ վիճակի մէջ է, խմբապետին արկածով մեռնելէն ի վեր: Իսկ Օգնութեան Խաչը ունի 40 անդամ-անդամուհիներ բացի նկատառելի թիւով արծուիկներէ:

Հայ գիւղացիները ըմպելի ջուրի մեծ դժուարութիւն ունին: Այն Արուսէն բերուած ջուրի երեք թիթեղը 50 ս. դ.ի կը գնեն: Փափաքելի է որ կառավարութիւնը մտածէ նաեւ այս ուղղութեամբ, Թէլ Ապիատը օժտելու համար ըմպելի ջուրով: Ելեկտրականութեան չգոյութիւնը այնքան չազդեր ժողովուրդի վրայ, որքան ջուրինը, թէպէտ այս վերջինն ալ մեծ անհրաժեշտութիւն կը ներկայացնէ առողջապահութեան եւ նիւթական մսխումներու տեսակէտէ: 50-է աւելի ռատիոներ պաթարիայի միջոցաւ կը բանին, որը շատ սուղի կը նստի ռատիոյի տէրերուն վրայ, ամէն անգամ 50 ս. ոսկի վճարելով:

Ցորենի գինը չափազանց իջած է, պարկը, որ կը կշռէ 120-130 քիլօ, կը ծախուի 20 ս. ոսկիի, ինչ որ կը դժուարացնէ հայ մշակին գործը, իսկ երիտասարդութիւնն ալ կամ մեքանիսիէն եւ թրաքթէօրի վարիչ ըլլալու մեծ մարմաջ ունի, ուրիշ արհեստի մէջ գոհացում չգտնելուն պատճառաւ»:

***

Իսկ 12 օգոստոս 1954-ի թիւով, «Ազդակ», Թէլ Ապիատի մասին այլ թղթակցութեամբ մը, կը գրէր.

«Թուրքիոյ սահմանակից այս աւանը հայկական ծագում ունի. կը գտնուի Հալէպէն մօտ 300 քիլոմեթր դէպի հիւսիս արեւելք, ընդարձակ դաշտագետնի մը վրայ: Առաջին հիմը հայերը դրած են, Թուրքիայէն տեղահանուելէն յետոյ:

Այժմ 110 տուն հայ լուսաւորչական համայնքի պատկանող ընտանիքներ կան. թէպէտ ժամանակին 200-է աւելի ընտանիքներ կային, ասոնցմէ շատեր մեկնած են Հալէպ կամ այլուր, իրենց զաւակներուն ապագան չխորտակելու մտադրութեամբ:

20 տունի չափ սուրիան կաթոլիկ, հայ կաթոլիկ եւ քըլտանիներ կան, իսկ սուրիան օրթոտոքսներու տան թիւը 30-40-ի կը հասնի: Կան նաեւ 100 ընտանիքէ աւելի տեղացիներ, սուննիներ եւ այլ կրօնի պատկանող անձեր: Ասոնցմէ զատ օր ըստ օրէ կ՛աւելնայ զինուորականներու, պաշտօնեաներու եւ մշակութեամբ զբաղողներու ընտանիքներու թիւը:

Թէլ Ապիատի օդը չափազանց աննպաստ է ժողովուրդին համար, ժանտատենդը անպակաս է որեւէ ատեն, գրեթէ ամէն երդիքէ ներս մէկ կամ երկու հիւանդներ անկողինի կը ծառայեն, ախտաբեր` մժեղներու առատութեան հետեւանքով: Մանաւանդ մալարիան համայնատարած բնոյթ ստացած է. ցերեկ ատեն օդը անշնչելի ըլլալու աստիճան տաք է, իսկ գիշերը քիչ մը տանելի է… տանիքներու վրայ: Երբ հով փչէ, քիչ մը օդը կը զովանայ, սակայն միւս կողմէ փոշիի ամպ մը` աչքերը աւազներով կը լեցնէ, պատճառ դառնալով որ աչքի հիւանդութիւն մըն ալ պատուհաս դառնայ ժողովուրդին: Ահա ասոր հետեւանքով է որ շատ մը մանուկներու աչքերը ուռած կամ կարմրած են, պէտք ունենալով բէնիսիլինի ներարկման: Այսքան հիւանդութեան դէմ, միայն մէկ բժիշկ կայ քաղաքապետարանի կողմէ, որու քմայքէն կախում ունի հիւանդին առողջական վիճակը: Ժամանակին, գէթ ամառ ատեն, կարգ մը բժիշկներ կ՛այցելէին եւ կ՛ամոքէին մասամբ մինուճար հիւանդները…:

Թէլ Ապիատ ըմպելի ջուր չունի դժբախտաբար, ջրհորի ջուրերը միայն մաքրութեան համար կարելի է գործածել: Ճերմակեղէններու լուացքն ալ մօտակայ առուէն կրուած ջուրերով կարելի է  իրագործել: Իսկ ըմպելի ջուրը կը բերուի կառքերով, Այն Արուսի աւազանէն: Նախապէս 2 թիթեղ ջուրը քառորդ ս. ոսկիի կը ծախուէր, իսկ այժմ սղած է, 3 թիթեղ ջուրը կ՛արժէ 50 ս. դահեկան:

Հոս ելեկտրականութիւն գոյութիւն չունի, հետեւաբար, ո՛չ մէկ դիւրութիւն ժողովուրդին համար, ո՛չ իսկ սառի գործարան: Հալէպէն կանոնաւորապէս սառ կը բերուի: Ելեկտրականութիւն արտադրող մեքենայ մը բերուած է, որուն տէրը դիմած է կառավարութեան որպէսզի արտօնուի, հոսանք հայթայթելու տեղւոյն բնակչութեան: Որով, եթէ կառավարութիւնը բարեացակամ գտնուի, մօտ օրէն գիւղը պիտի օժտուի ելեկտրականութեամբ:

Պիտի կառուցուի նաեւ սառ արտադրող գործարան մը ե՛ւս. այսպէսով կը յուսանք որ հետզհետէ գիւղը զարգանայ եւ գիւղաքաղաքի մը ձեւը ստանայ, տրուած ըլլալով որ այս վերջին տարիներու ընթացքին գլխաւոր կեդրոն մը դարձած է մշակութեան: Զանազան վայրերէ բերուած են հասկաքաղ մեքենաներ, թրաքթէօրներ եւ բաթէօզներ: Թէլ Ապիատի շրջանի ցանքի բերքը այս տարի յուսացուածէն շատ աւելի առատ եղած է, մեծ զարկ տալով ցորենի եւ գարիի առեւտուրին:

Թէլ Ապիատի հայ համայնքը կը բաղկանայ ուրֆացիներէ եւ կարմուճցիներէ, հայրենակց. միութիւն գոյութիւն չունի, ժողովուրդին մեծամասնութիւնը ազգային գաղափարականով տոգորուած անձերու հաւաքականութիւնն է:

Օգնութեան Խաչը ունի 40 անդամ-անդամուհիներ, իսկ ՀՄԸՄ-ը գրեթէ քայքայուած է, երիտասարդներու գիւղէն հեռացման պատճառաւ, հետեւաբար ֆութպոլի խումբը դադրած է գոյութիւն ունենալէ:

Տեղւոյն Ազգ. վարժարանը ունի 80-90 աշակերտ, որպէս կրթական պաշտօնեայ ունենալով ուսուցիչ եւ օրիորդ մը, կրթական նախարարութեան տրամադրած արաբերէնի ուսուցիչէն զատ: Դպրոցի պիւտճէն կը հաւասարակշռուի աշակերտներէն գանձուած գումարներով, կրթական նախարարութեան վճարած բաժինով եւ Ուսումնական Խորհուրդի նպաստով: Տեղւոյն Օգն. Խաչն ալ 8-20 չքաւոր աշակերտ կ՛որդեգրէ, նայած իրեն եղած դիմումներուն:

Մաարիֆի նորակառոյց դպրոցէն ներս ուսումը ձրիօրէն կը ջամբուի բոլոր աշակերտներուն անխտիր: Քրիստոնեայ եւ մահմետական համայնքներու աշակերտներէն բացի, հայերն ալ կը յաճախեն հոն, պետական վկայական ստանալու մտադրութեամբ:

Հոս եկեղեցի կայ, բայց քահանայ գոյութիւն չունի, Տէր Զօրի կամ Արաբ-Բունարի քահանաները պարբերաբար կ՛այցելեն, իսկ մահուան կամ հարսանիքի պարագաներուն, մեռեալի կամ հարսանիքի տէրը ստիպուած է նիւթական մեծ զոհողութիւններով յիշեալ վայրերէն մէկէն բերել տալու քահանան, անոր երթ ու դարձի բոլոր ծախսերը հոգալով:

Կառավարութիւնը շատ բարեացակամ է ժողովուրդին նկատմամբ. ոչ մէկ խտրութիւն զանազան տարրերու միջեւ, այնպէս որ բոլորն ալ անխտիր իրենց քաղաքացիի արդար իրաւունքը կը վայելեն, բարօր կեանք մը վարելով ամէնուրեք»:

***

Թէլ Ապիատէն հայերու գաղթը լայն ծաւալ ստացաւ հետագային, եւ շուրջ տասնեակ մը հայ ընտանիքներ մնացին հոն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )